ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփոր»չ.- 16 Մայիսին ընթացք առած է Քաննի 65րդ շարժապատկերի փառատօնը: Արդէն 4րդ տարին ըլլալով Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս փառատօնին՝ տեղական արտադրութեամբ ժապաւէններ ներկայացնելով Քաննի արտամրցութային շարժապատկերի շուկային մէջ: 15 Մայիսին այս նպատակով Քանն պիտի ուղղուի Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի պատուիրակութիւնը՝ կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանի գլխաւորութեամբ։ Գէորգ Գէորգեան այս գծով ըսած է, որ Հայաստանէն մեծաթիւ խումբ մը պիտի երթայ Քանն։ Հայկական տաղաւարը բաց պիտի ըլլայ 16-25 Մայիս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.