
Կը խնդրուի խաչբառը քիչ մը դիւրացնել, որովհետեւ անիկա շատ դժուար է, մանաւանդ անոր համար, որ այս «զբօսանք»ը ընողները (գրեթէ բոլորը) 65էն վեր տարեցներ են, որոնք քիչ մը ցրուիլ կ՛ուզեն այս stress-ով լի խայտառակ երկրին մէջ: Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ (կարելիի սահմաններուն մէջ) եթէ հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի վերաբերեալ բառեր ալ ըլլան. անով գոնէ, ինչպէս կ՛ըսեն ֆրանսերէն՝ «joindre lutile a lagreable» (հաճոյքը գործնականին համատեղել) կ՛ըլլայ:
Շնորհակալութիւններ,
Վ. ԳՐԱՃԵԱՆ