
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիքահիթօ Եարատան: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութիւնը:
Հայաստանի նախագահին Ճափոն կատարելիք յառաջիկայ այցէն առաջ, կողմերը քննարկած են հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները:
Հանրապետութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Ճափոնի հետ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման: Զրուցակիցները վստահութիւն յայտնած են, որ յատկապէս այս տարի, երբ կը լրանայ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններուն: