Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 18 Մայիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Չան Չունին: Քննարկուած են կրթութեան բնագաւառին մէջ հայ-չինական համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ չինարէնի մասնագիտական ուսուցում փոխանցող միջազգային աւագ դպրոց հիմնելու ծրագիրին: Նախարար Աշոտեան չինական կողմին առաջարկած է մշակել նոր յուշագիրի նախագիծ, որ նախադրեալ կը հանդիսանայ նախատեսուող ծրագիրի գործնական հանգրուանին սկսելու։ Արմէն Աշոտեան նաեւ առաջարկած է քայլերու ձեռնարկել՝ կրթական ծրագիր մշակելու նպատակով: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը այս գծով կ՛ակնկալէ չինացի մասնագէտներուն աջակցութիւնը:
Դեսպան Թիան Չան Չուն առաջարկը նկատած է ընդունելի՝ ընդգծելով, որ 2010 թուականին Հայաստանի նախագահը Չինաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ կրթական համագործակցութեան ընդլայնման առաջարկներ, որոնք արդէն գործադրութեան սկսած են։ Դեսպանը նաեւ նշած է, որ եթէ նախագիծը իրականանայ Հայաստանի չինարէնի ուսուցման միջազգային դպրոցը նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ աննախադէպ քայլ մը կ՛ըլլայ։ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ հայ-չինական կրթահամալիրը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնէ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ տարածաշրջանի այլ երկրներուն մէջ: «Չինական հրաշքի մասին ողջ աշխարհն է հիացմունքով խօսում: Ես յոյս ունեմ, որ մենք համատեղ ջանքերով կը կարողանանք Հայաստանում ստեղծել փոքրիկ չինական հրաշք», նշած է Արմէն Աշոտեանը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին մէջ հայ-չինական միացեալ ծրագիրներուն՝ կարեւորելով ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը։