
«Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան նախագահ Թովմաս Պօղոսեան 17 Մայիսին յայտարարած է, որ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակին նուիրուած «Վարդատօն»ի ծիրին մէջ 20 Մայիսին՝ ժամը 11։30ին, դպրոցականներ, մտաւորականներ քայլարշաւով Չարենց-Սայաթ Նովա փողոցի հանդիպման կէտէն պիտի ուղղուին մինչեւ Սայաթ Նովայի յուշարձանը: Ան դիտել տուած է, որ ութ տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ եւս կը նշուի այս տօնը։
Պօղոսեան յայտնած է, որ հասնելով յուշարձան՝ իւրաքանչիւր այցելուի պիտի տրուի մէկական վարդ, որոնք պիտի զետեղուին յուշարձանին առջեւ, ապա տեղի պիտի ունենայ համերգ, իսկ քայլարշաւի ընթացքին Սայաթ Նովայի երգերը պիտի հնչեն։
Մէկ շաբաթ ետք՝ Մայիսի վերջին Կիրակի օր, անոնք պիտի երթան Վրաստան՝ մասնակցելու Թիֆլիսի մէջ կայանալիք նախաձեռնութիւններուն։ Հոն եւս պիտի կայանան քայլարշաւներ, համերգներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ։
Նշենք, որ հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան հիմնադրեց Վարդատօնը՝ նշելու Սայաթ Նովայի 200ամեակը։ «Յոբելեանը նշելը գիտական բանավէճ չէ եւ ամէն մարդ ունի ընտրութեան իրաւունք, Սայաթ Նովան մեր ժողովրդի այն մեծութիւնն է, որի իւրաքանչիւր տարին պէտք է լինի տօն: Այս աւանդոյթը որպէս սրբութիւն, պահպանւում է ամբողջ տարի», նշած է Թովմաս Պօղոսեան:
Նշենք, որ Սայաթ Նովայի 300ամեակին առիթով կազմուած է կառավարական յանձնաժողով եւ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ:
Անդրադառնալով Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթին՝ Թովմաս Պօղոսեան նշած է, որ դէմ չէ զանոնք նորացուած, ժամանակակից կերպով ներկայացնելուն, եթէ անոնք կը կատարուին հայեցի, բարձր ճաշակով եւ մասնագիտական կերպով։