ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թուրքիոյ մէջ իր ազդեցութեամբ ու քաղաքական կշիռով երկրորդ ընդդիմադիր ուժը հանդիսացող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (ԱՇԿ-MHP) ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի մեկնած է Եւրոպա՝ մասնակցելու Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ գումարուելիք թրքական համադաշնակցութիւններու համագումարներուն:
Ծրագիրի համաձայն, Պահչելին 20 Մայիսին ելոյթ պէտք է ունենար Նամուր քաղաքին մէջ կայանալիք համագումարին: Բայց թրքական «Սոն տաքիքա» (Son dakika) լրատուական կայքէջին համաձայն, Նամուրի քաղաքապետարանը վերջին պահուն չեղեալ յայտարարած է բացօթեայ համաժողովի կայացման արտօնութիւնը: Նախապէս թոյլատրուած էր այդ համագումարը կազմակերպել Նամուր քաղաքի «Էքսփօ» ցուցահանդէս-վաճառքներու համար նախատեսուած հրապարակին վրայ:
Թրքական մամուլը կը հաստատէ, որ Նամուրի քաղաքապետարանի այդ վարքագիծը հայկական սփիւռքի գործադրած ճնշումներուն հետեւանքն է:
Կայքէջը կը գրէ, թէ հայկական սփիւռքը Պելճիքայի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցուցած է եւ Տեւլեթ Պահչելիի մասին ժխտական արտայայտուած, թէ ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ժխտէ, աջակողմեան ծայրայեղական եւ գորշ գայլերու անդամ է։ Թուրքերը որոշած են իրենց համագումարը կազմակերպել այլ քաղաքի մը մէջ։