Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 Մայիսին մասնակցած է Բերձոր քաղաքի ազատագրութեան 20րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութիւններուն։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Բակօ Սահակեան ծաղկեպսակ զետեղած է Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ եւ պետական պարգեւներ յանձնած է խումբ մը ազատամարտիկներու:
Այս առիթով բոլորը շնորհաւորելով՝ Բակօ Սահակեան նշած է, որ Բերձորի ազատագրութեամբ ճեղքուեցաւ Արցախի շրջափակումը եւ անմիջական կապ հաստատուեցաւ Մայր Հայաստանի հետ, ինչ որ ռազմավարական մեծ իմաստ ու խորք ունէր: Նախագահին համաձայն, Քաշաթաղի շրջանը շէնացնելու գծով տարուած ճիգերուն մեծ կարեւորութիւն կու տայ իշխանութիւնը։
Շրջանին մէջ ի գործ կը դրուին բազմաթիւ կարեւոր ծրագիրներ, որոնք կը նպատակադրեն լուծումներ գտնել առկայ խնդիրներուն եւ շրջանը զարգացնել։ Բակօ Սահակեան այցելած է նաեւ «Սիւնիք-3» ջրելեկտրակայանի շինութեան վայր եւ ծանօթացած տարուած աշխատանքներուն։ Նախագահը ներկայ գտնուած է «Սիւնիք-2» ջրելեկտրակայանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այնուհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարը մասնակցած է Բերձոր քաղաքին մէջ նոր բնակելի թաղամասի հիմնարկէքի արարողութեան:
Հանդիսութիւններուն մասնակցած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ եւ Հայաստանէն ու սփիւռքէն հիւրեր: