ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 15 Մայիսի կէսօրէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի, հոգեւոր հայրերու, եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, այցելեց Թեհրանի Սարտարապատ քաղաքամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր համախմբուած էր քաղաքամասի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջով եւ հաւաքուած հոծ բազմութեան ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք, վեհափառ հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին կատարեց աղուհացի աւանդական օրհնութիւնը, եւ ապա եկեղեցական թափօրով յառաջացաւ դէպի խորան:
Կանոնական աղօթքէն ետք, առաջնորդ սրբազանը ողջոյնի խօսք ուղղեց հայրապետին, եւ ապա հրաւիրեց զայն իր հայրապետական պատգամը տալու հաւատացեալներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքի մէջ, անդրադառնալով քաղաքամասի եւ եկեղեցւոյ անուններուն, ըսաւ. «Այս եկեղեցւոյ անունը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի է, իսկ քաղաքամասի անունը՝ Սարտարապատ: Անկասկած, բոլորդ ալ գիտէք, եւ պէ՛տք է գիտնաք, թէ այս երկու անունները մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պատմութեան մէջ սրբազան անուններ են: Անուններ՝ որոնք կը խորհրդանշեն մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վճռակամութիւնը, եւ՝ զոհողութեան վաւերական արտայայտութիւնն են»: Ապա վեհափառը ընդգծեց, թէ «ամէն անգամ երբ մեր թշնամիները փորձեցին մեր քրիստոնէական հաւատքը բնաջնջել մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս, ամէն անգամ, երբ ուրիշներ փորձեցին բռնագրաւել մեր հայրենի հողը, մեր ժողովուրդի զաւակները, հոգեւորական թէ աշխարհական, մտաւորական թէ շինական, միասնաբար եւ ամուր վճռակամութեամբ ու հաւատքի մղումով պաշտպանեցին իրենց հայրենիքն ու իրենց քրիստոնէական հաւատքը, եւ հինգերորդ դարու պատմահօր բառերով՝ իմացեալ մահով անմահութիւն կերտեցին: Սարտարապատի պատերազմին եւս, որ կը մղուէր Վարդանանց պատերազմի հաւատքով ու ոգիով, դարձեալ մեր ժողովուրդի զաւակները միասնաբար գացին Սարտարապատի դաշտ՝ հաւատքի զօրութեամբ, արեան զոհողութեամբ ու հայրենիքը պաշտպանելու վճռակամութեամբ պատերազմ մղեցին»:
Իր խօսքը հաւատացեալներուն ուղղելով, հայրապետը ըսաւ. «Դուք պէտք է ուրախ ըլլաք, որ զաւակներն էք այս եկեղեցւոյ, մեր ազգի այս տան: Դուք ուրախ եւ հպարտ պէտք է ըլլաք, որ կ՛ապրիք Սարտարապատի այս շրջանէն ներս: Իմ մաղթանքս ու սպասումս է միանգամայն, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները համախմբուին առաջնորդ սրբազանին, ազգային իշխանութեան, հոգեւոր դասին, մեր բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն շուրջ, եւ իրենց կեանքը ապրին միշտ Վարդանանց ու Սարդարապատի հաւատքով, ոգիով ու տեսիլքով»:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, եկեղեցական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ ի պատիւ հայրապետին կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ամփոփ զեկոյցով մը վեհափառը իրազեկ դարձաւ խորհուրդի գործունէութեան: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Ապա եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգեցողութեամբ, ներկաները աջահամբոյրով ստացան վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնը: