
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 15 Մայիսին, Թեհրանի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Նշան արք. Քարաքեհէեան այցելեց վեհափառ Արամ Ա. հայրապետին։ Ան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառին եւ հրաւիրեց զայն այցելելու Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը։
Յաջորդ օրը, վեհափառը Թեհրանի ու Սպահանի առաջնորդ սրբազաններուն, միաբան հայրերուն եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը։
Եկեղեցւոյ մուտքին, հայրապետը դիմաւորուեցաւ գերապայծառին կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կարճ արարողութիւն մը: Ապա գերապայծառը բարի գալստեան խօսք ուղղեց վեհափառին, որուն պատասխանելով՝ վեհափառը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի նոյն ազգի պատկանող զաւակներու այլ հոգեւոր տան մը մէջ։ Ան շեշտեց Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը։
«Ոեւէ ժամանակէ աւելի մեր ազգը կարիքը ունի ներքին միասնականութեան, եւ այս ուղղութեամբ մենք մեր կարելին պէտք է կատարենք՝ ի խնդիր մեր ազգի գերագոյն շահերուն», ըսաւ վեհափառը։
Իր խօսքի աւարտին վեհափառը ձեռաց խաչ մը նուիրեց գերապայծառին։
Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։