
ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարի կ՛ամբողջանայ լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթի 85ամեակը. այս առիթով 21 Մայիսին Երեւանի «Ուրբա»չ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին թերթին պատմականին, ներկայացուցած արժէքին ու ծաւալած դերակատարութեան անդրադարձան ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Ազդակ»ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան եւ թերթի մշակութային բաժինը 30 տարուան պատասխանատու Մովսէս Հերկելեան։
Անդրադառնալով թերթին պատմականին՝ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ անիկա հիմնադրուած է 5 Մարտ 1927ին օրուան ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հայկ Պալեանի կողմէ, իսկ աւելի ուշ դարձած է Դաշնակցութեան Լիբանանի մարմինին պաշտօնաթերթը։ Թերթը նախ երկօրեայ էր, ապա դարձաւ ամէնօրեայ, անոր էջերուն թիւը 4էն բարձրացաւ 8ի, ապա 10ի։ Անոր համաձայն, 4 Դեկտեմբեր 2011ին բացումը կատարուեցաւ Երջօ Սամուէլեանի նախաձեռնութեամբ եւ «Եռագոյն ֆոնտ«ի նուիրատուութեամբ հիմնովին վերանորոգուած եւ գունաւոր տպելու յատկութեամբ օժտուած «Ազդակ»ի տպագրական գործիքներուն։
«Ազդակ»ի կարեւորութիւնը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ ան կը ներկայացնէ Լիբանանի ողջ հայութեան կեանքը, պատկերը, հոն եւ առհասարակ հայկական իրականութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները», դիտել տուաւ Կիրօ Մանոյեան՝ աւելցնելով, թէ թերթը համահայկական բնոյթ ունի։ Ան նշեց, որ թերթը ունին նաեւ իր հայերէն ու արաբերէն կայքէջը, մանկապատանեկան յաւելուածը, ինչ որ կը նշանակէ, որ անիկա հասանելի է տարբեր սերունդներու եւ հասարակութեան տարբեր շերտերու՝ իբրեւ կիզակէտ ունենալով նաեւ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները։
Մովսէս Հերկելեան յայտնեց, որ «Ազդակ»ը մնայուն եւ փնտռուած ներկայութիւն է լիբանանահայ կեանքին մէջ. անիկա յատուկ կարեւորութիւն կու տայ հայկական, տեղական եւ համաշխարհային մշակութային իրադարձութիւններուն, դէմքերուն, տեսակներուն։ Ան նաեւ յիշեց, որ «Ազդակ»ը 2009ին բացումը կատարեց իր «Փիւնիկ» սրահին՝ Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի աջակցութեամբ կառուցուած, ուր տեղի կ՛ունենան տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ՝ քաղաքական, մշակութային եւ պատմական նիւթերով, կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ, եւ այլն։
Թաթուլ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ թէեւ թերթը կուսակցական օրկան է, սակայն անիկա հաւասարակշռուած է եւ տեղ կը յատկացնէ միւս քաղաքական ուժերուն, եկեղեցւոյ եւ միութիւններուն։ Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ աւանդական դարձած «Ազդակ»ի Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24ի բացառիկները, որոնք, ըստ Թ. Յակոբեանի, կը նկատուին հայագիտական հատորներ, ուր գրութիւններ կը տպագրուին ո՛չ միայն Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին։
Զեկուցաբերները անդրադարձան նաեւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն։ Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ երբեմնի 250 հազար հաշուող գաղութը այսօր շուրջ 140-150 հազար է, խորհրդարանին մէջ լիբանանահայերը ունին 5 երեսփոխան, իսկ կառավարութեան մէջ՝ երկու նախարար։ Խօսուեցաւ նաեւ հայկական վարժարաններուն պարզած կացութեան, անոնց դիմաց ցցուող մարտահրաւէրներուն, հայապահպանման խնդիրներուն մասին, բայց եւ այնպէս զեկուցաբերները հաստատեցին, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի՝ հայկական դիմագիծն ու հայեցի դաստիարակութիւնը պահպանելու համար։