ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ գործող ոչ մէկ մանկապարտէզ ջերուցման խնդիր ունի։ Այս մասին յայտարարեց Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեանը՝ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Անոր համաձայն, ընթացիկ ուսումնական տարեշրջանին նախակրթականներուն մէջ տեղի ունեցած են կարգ մը փոփոխութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը այն է, որ մանկապարտէզները սկսան գործել անվճար, որուն շնորհիւ ալ աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ:
Այդ թիւի յաւելումով նոր դասարաններ հաստատելու անհրաժեշտութիւն ծագեցաւ։ «Եւ մենք որոշեցինք, որ այն սենեակները, որոնք մինչ այդ վարձակալութեամբ էին տրուած, ձեւաւորուեն որպէս մանկապարտէզների խմբասենեակներ», նշեց Սողոմոնեան՝ աւելցնելով, որ մանկապարտէզներուն մէջ տակաւին այլ խնդիրներ ալ կան: Անոնց հիմնականը այն է, որ մօտ 7 հազար մանուկներ հերթագրուած են մանկապարտէզ յաճախելու, որոնց համար տեղ չկայ։
Միւս փոփոխութիւնը այն է, որ եթէ նախապէս մանկապարտէզներու տնօրէնները կը նշանակուէին, հիմա արդէն անոնք մրցանակով կ՛ընդունուին աշխատանքի: Գայիանէ Սողոմոնեան ըսաւ, որ մանկապարտէզներուն մէջ հաստատուած են 6 կեդրոններ՝ կրթութեան յատուկ կարիք ունեցող մանուկներուն նախադպրոցական կրթութիւնը փոխանցելու համար: Բոլոր նախադպրոցական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնասիրութիւն կատարուած է, վերահսկողութեան ենթարկուած է մանկապարտէզներուն մէջ մանուկներուն տրուող սնունդը։ Այս քննութիւններու լոյսին տակ թերութիւններ նկատուած են, եւ 5 տնօրէններ աշխատանքէ արձակուած են։