ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայագիտական ուսմանց ամպիոնի բարեկամներու ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Մայիս 30ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ ամպիոնի չորս աւարտական ուսանողներու ուսումնասիրութեանց հանրային ներկայացումը:
Հետեւեալ չորս ուսանողները պիտի ներկայացնեն իրենց ուսումնասիրութիւնները. Շուշան Կարապետեան (Հայերէնի օգտագործման եւ դասաւանդման մասին), Արա Սողոմոնեան (Բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանի մասին), Լիանա Վարդանեան (Հայկական վէպի զարգացումը եւ անոր դերակատարութիւնը Արեւելահայ գրականութեան մէջ՝ Ցեղասպանութեան նիւթին արծարծման հարցով) եւ Շի Լանկ (Սայաթ Նովայի շուրջ ուսումնասիրութեանց վերաքննարկում):
Ներակայացուած նիւթերը ուսանողներուն աւարտական թէզերը պիտի ըլլան:
Ներկայացումներուն պիտի ընկերանան լուսանկարներու ցուցադրութիւն: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (310) 275-2767, (818) 548-3288 կամ (818) 952-1058 թիւերուն: