ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետական կուսակցութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (ԿԸՅ) ներկայացուցած է կուսակցութեան 253 հոգինոց համամասնական ցուցակէն 67 հանրապետականներու ինքնաբացարկի մասին դիմումներ, ներառեալ՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի:
ՀՀԿ մամլոյ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանովի տեղեկութիւններուն համաձան՝ ինքնաբացարկ ներկայացուցած հանրապետականները, յատկապէս՝ Գործադիր մարմինի ներկայացուցիչներ են: «Գործող որեւէ պատգամաւոր ինքնաբացարկի դիմում չի ներկայացրել», յայտնեց Էդուարդ Շարմազանով:
Միւս կողմէ՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) 28 անդամներ եւս ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցին ԿԸՅին. անոնց շարքին է Քաղաքագէտներու միութեան նախագահ Հմայեակ Յովհաննիսեան: Իսկ Վարդան Օսկանեան տակաւին կը պահէ իր պատգամաւորական լիազօրութիւնը:
Նշենք, որ համամասնական ցուցակներէն թեկնածուներու ինքնաբացարկները պէտք է ԿԸՅ ներկայացուին մինչեւ Մայիս 25: