ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Թաթուլ Անու-շեան այցելած է Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին: Այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ Վանի երկրաշարժէն ետք ասիկա իր առաջին այցելութիւնն է կղզի:
«Ուրախ եմ, որ եկեղեցին երկրաշարժէն չէ տուժած: Ասիկա ցոյց կու տայ երկրաշարժներուն դիմացող Անատոլիոյ հողերուն ուժը։ Կը հանդիպինք 9 Սեպտեմբերին՝ Ս. պատարագի ատեն», ըսած է ան։
Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքէջը: