ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մարմիններուն կողմէ ի գործ դրուած գործնական- հետախուզական գործունէութեան իբրեւ արդիւնք՝ 1 Յունիսին կաշառք ստանալու ատեն ձերբակալուած է Հայաստանի ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայութեան Երեւանի բաժնի պատասխանատուներէն՝ ոստիկանութեան գնդապետ Արսէն Կիւրեղեանը: Արդարեւ, առանց համապատասխան քննութիւններու ներկայանալու ինքնաշարժ վարելու իրաւունքի վկայական յատկացնելու փոխարէն, օրէնքով սահմանուած վճարումներէն բացի, ան քաղաքացիէն պահանջած եւ ստացած է 150 հազար դրամ։
Բացուած է քրէական գործ եւ հետաքննութիւն կը կատարուի։