ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յառաջիկայ գրական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունիս 7ին, երեկոյեան ժամը 6էն 8. իսկ ժամը 5էն 6ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն եւ ընկերային ժամ:
Հրանդ եւ Մանուշ Սիմոնեաններու գրական մրցոյթը շահող հեղինակները ելոյթ պիտի ունենան սոյն ձեռնարկին՝ ներկայացնով իրենց ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ:
Մրցոյթին բանաստեղծներու բաժանմունքին մէջ առաջնութիւն շահած է Ագնէսը, իսկ արձակագիրներու բաժինին մէջ՝ Ռուբէն Կորիւնը: Մրցոյթի հիմնադիր եւ պարգեւը հայթայթող հրապարակագիր Հրանդ Սիմոնեան, շահող հեղինակներուն պիտի յանձնէ պարգեւները:
Մուտքը ազատ է: