ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռաճըր Գուբելեան՝ «East of Byzantium» անուան տակ ծանօթ Վարդանանց հերոսապատումի շարժապատկերի յղացքին հեղինակը, ու Ալինա Խանճեան՝ նոյն նախագիծին հանդերձանքը յղացող նորաձեւութեան մասնագէտ անոր կողակիցը, վերջերս պատուոյ հիւրն էին Սպանիոյ Լաս Փալմաս կղզիին մէջ կայացող «Անիմայօ 2012» շարժապատկերի փառատօնին, ուր ներկայացուցին կազմաւորման փուլը վաղուց թեւակոխած հայոց պատմութեան հերոսական դրուագը։
Շարժապատկերի նոյն փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս մը՝ «East of Byzantium»-«Ռազմի Աստուածները» կրաֆիկ վիպակի սպաներէն թարգմանութեան, երբ զարմանքի մատնելով հրատարակիչները՝ հանդիսութիւններուն ներկայ խանդավառ երիտասարդութիւնը խլեց հրապարակ հանուած հատորները։ «Ռազմի Աստուածներ»ուն սպաներէն տարբերակը հրատարակուած էր «Անիմայօ 2012»ի տնօրէն Տամիան Փերիա Լիզգանոյի համագործակցութեամբ։ Գուբելեանի կրաֆիկ վիպակին գտած խանդավառ ընդունելութիւնը եւ օտար շրջանակներու դրական տրամադրուածութիւնը հայկական հերոսապատումին հանդէպ, աւելորդ փաստեր են, թէ տաղանդաւոր հայ արուեստագէտին զարգացուցած հերոսապատումին նախագիծը գտած է միջազգային հնչողութիւն։
Ծրագրումի ընթացքի տակ է նոյնպէս «Անիմայօ» փառատօնն ու «Մարտի Աստուածներ»ու սպաներէն տարբերակը Հարաւային Ամերիկայի հանդիսականներուն ներկայացնելու գաղափարը, մասնաւորապէս՝ Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ, ուր հայկական հոծ ու կենսունակ գաղութներ կան։
Լաս Փալմասի «Անիմայօ»ն, որպէս իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ֆիլմի փառատօն, իր հինգերորդ տարին կը բոլորէ։ Երկրագունդի չորս կողմերէն ֆիլմարուեստի «Օսքար»ին տիրացած աշխարհահռչակ արուեստագէտներ կը մասնակցին եօթնօրեայ այդ տօնակատարութիւններուն։ Ընթերցողներէն կը խնդրուի «Անիմայօ»ի կայքէջը այցելել՝ ամբողջական պատկեր մը կազմելու համար փառատօնին մասնակցող հիւր արուեստագէտներու անուանացանկին եւ անոնց նախագիծերուն մասին։
Վերջերս, հայկական լրատուամիջոցները դարձեալ անդրադարձան Ռաճըր Գուբելեանի կրաֆիկ վէպին ու «Վարդանանց Հերոսամարտ»ի նախագիծի մասին, երբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, հայ արուեստագէտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ակնարկեց Մել Կիպսընի հետ տեղի ունեցող խորհրդակցութիւններուն՝ հայկական մշակոյթին հետ առնչուող պատմական դրուագը սպիտակ պաստառ հանելու մտադրութեամբ՝ «East of Byzantium»ը ունենալով որպէս աշխատանքային խորագիր։
Գուբելեան, իր կարգին կը հաստատէ, թէ Լոս Անճելըս հաստատուած յայտնի գործարար Մայք Իսրայէլեանի նախաձեռնութեամբ, Մել Կիպսընի հետ հանդիպում մը ունեցած է, եւ միատեղ աչքէ անցուցած են «East of Byzantium»ի բեմականացման համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքը, մասնաւորապէս՝ Վարդան Մամիկոնեանի հայող մանրամասնութիւնները։
Սրտբաց զրոյցի ընթացքին, Մ. Կիպսընի յանձնուած է Գուբելեանի «War Gods» կրաֆիկ վիպակը. ան ծանօթացած է նաեւ հայ արուեստագէտին Ղարաբաղեան իւրայատուկ վաւերագրականին։
Թէեւ այդ հանդիպումը Վարդանանց նախագիծի իրականացման ուղղութեամբ առնուած ամուր քայլ մըն էր, սակայն Գուբելեան կը խնդրէ հայ մամուլի պատասխանատուներէն զգաստ ու զուսպ մնալ ու իրենց խանդավառութեան մէջ չափազանցութիւններու չերթալ, նկատի ունենալով, որ Կիպսընի եւ միւս դերակատարներուն հետ տարուող բոլոր խորհրդակցութիւնները տակաւին նախնական փուլի մէջ կը մնան։ «Պրէյվ Հար»չի տաղանդաւոր բեմադրիչն ու գլխաւոր դերասանը իր ապագայ ծրագիրներուն ու ներկայի իրագործումներուն հաշուարկը կը կատարէ տակաւին։ «Վայքինկ»ներու մասին նկարահանելիք ժապաւէնի կողքին, ան շուտով հրապարակ պիտի հանէ «Get the Gringo» արկածախնդրական ժապաւէնը։
Տարբեր հարթակի վրայ, Գուբելեան վերջերս յայտարարեց կազմութիւնը նոր գործընկերութեան, հայ նոր սերունդին մօտ զարգացնելու համար մարտարուեստի սէրը՝ հրապարակ հանելով վերնաշապիկ մը (T-shirt), որուն վրայ պիտի երեւի կրաֆիկական գիրքերու առասպելական հեղինակ Տան Փանոսեանի գծագրական արուեստը։ Վերնաշապիկին կռնակի մասին վրայ պիտի երեւի Գուբելեանի զարգացուցած «գրետօ» լօզունքը, թէ՝ «ժամանակն է որ հայը իբրեւ մարտնչող նայի ինքնիրեն եւ ոչ թէ իբրեւ պատմութեան դժբախտ ու յաւիտենական զոհը…»: Վերնաշապիկը կարելի է ձեռք բերել legiogear.com կայքէջէն։
Գուբելեանի կրաֆիկ վէպի հրատարակութիւնը անհամբեր սպասողները վերջապէս կրնան երկար շունչ մը քաշել։ Հակառակ անոր, որ Շիքակոյի մէջ կայացած «Վարդանանց Ասպետներ»ու պաշտօնական հանդիպման ընթացքին, կրաֆիկ վէպէն փոքր թիւ մը հրապարակ հանուեցաւ ու նոյնինքն հեղինակին կողմէ մակագրուեցաւ, սակայն այնքան սպասուած անգլերէն մասսայական տպագրութիւնը շուտով կը կատարուի ՀԲԸՄի հովանաւորութեամբ:
Գիրքերը պիտի վաճառուին փորձնական շուկայի դրութեամբ՝ գնահատելու համար պահանջարկը։ Նախ 301 հատ թուագրուած յատուկ օրինակ պիտի հրապարակուի՝ հաւաքածոյ կատարողներու համար։ Գնումի ճշգրիտ վայրն ու թուականը պիտի յայտարարուին EastofByzantium.com կաքէջով:
IPad-ի համար բջիջային տարբերակ պիտի արձակուի, երբ բուն հրատարակութիւնը հրապարակ հանուի։ Արդէն քանի մը կարեւոր հանդիպումներ նախատեսուած են գիրքերու մակագրութեան համար. բան մը, որ ազգային գետնի վրայ ընդունուած կարգերը հիմնովին պիտի յեղաշրջէ: