ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայ երաժշտութեան բարեկամներու վարչութիւնը արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ է՝ կազմակերպելու համար իւրայատուկ համերգ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունիս 24ին, կ.ե. ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave.):
Համերգին պիտի մասնակցին համալսարանի «Թորնթըն» երաժշտանոցի այն շրջանաւարտները, որոնք կրթանպաստներ ստացած են Հայ երաժշտութեան բարեկամներէն:
Համերգին մասնակցող արուեստագէտներուն շարքին են՝ Այրին Յարութիւնեան, Կարինէ Աւագեան, Սամուէլ Չիլինկարեան, Անճելա Չոլաքեան, Սարգիս Ղազարեան, Սալբի Քերքոնեան, Վաչէ Մանկրեան, Մարինա Մանուկեան, Լուսի Նարկիզեան, Փեբրոն Փիլիպոսեան, Մարինա Տէր Ղազարեան եւ Գարիկ Թէրզեան:
Հայ երաժշտութեան բարեկամները կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ համալսարանի «Թորնթըն» երաժշտանոցի հայ ուսանողներուն. այս տարեշրջանի ընթացքին միայն, 15,000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրուած են անոնց: 1984ին կազմուած սոյն ընկերակցութենէն օգտուած են աւելի քան 50 հայ ուսանողներ:
Համերգի տոմսերուն սակը 15էն 50 տոլարի միջեւ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 249-3330, (818) 788-5138 կամ (626) 282-5295 թիւերուն: