
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան վարիչ մարմինի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Մայիս 19ին, 8 ուխտերէ եկած 200 պատանիներ հաւաքուեցան Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգ. վարժարանը, ուր տեղի ունեցաւ Ողիմպիական խաղեր, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ:
Պատանիները օրուան բացումը կատարեցին «Մեր Հայրենիք» քայլերգով, ապա կողովագնդակի (Basketball), ոտնագնդակի (Soccer), եւ ձեռնագնդակի (Volleyball) մրցումները սկսան:
Պատանեկան խանդավառութեան եւ սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին մասնակցեցան պատանիները՝ մարզական բարձր ոգիով, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներ, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց ուխտերը: Այս մրցաշարքին մասնակցեցան պատանիներ Կլենտէյլէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Սան Ֆերնանտօ հովիտէն, Փասատինայէն, Հոլիվուտէն, Լա Քրեսենթայէն, Պըրպենքէն, եւ Օրենճ Քաունթիէն:
Այս խաղերը արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած են վարիչ մարմինի տարեկան ծրագիրին մէջ: Այս մարզական խաղերու ընդմէջէն առիթ կ՛ընծայուի պատանիներուն՝ քով-քովի գալու եւ միասնաբար լաւ ժամանակ անցընելու:
Պատանիներուն համար օրը շատ հաճելի էր. անոնց յուշերուն մէջ դրոշմուեցան անմոռանալի պահեր եւ յիշատակներ: Այս մարզախաղերը նաեւ պատանիներուն համար տօնախմբելու եւ նոր ընկերներու ծանօթանալու օր էր: Խաղերը աւարտեցան երեկոյեան ժամը 8ին՝ յաղթանակի բաժակներու բաշխումով: Սակայն հակառակ յոգնութեան, պատանիները աշխուժօրէն հրաժեշտ տուին «Մշակ Բանուոր» քայլերգով, որ լսելի դարձաւ ամբողջ շրջանին մէջ:
Ստորեւ՝ մրցումներուն արդիւնքները.
Կրտսերներու կողովագնդակ
1. Պըրպենք՝ «Կայծակ»
2. Կլենտէյլ՝ «Շանթ»
3. Փասատինա՝ «Նիկոլ Դուման»
Կրտսերներու ոտնագնդակ
1. Պըրպենք՝ «Կայծակ»
2. Կլենտէյլ՝ «Շանթ»
3. Փասատինա՝ «Նիկոլ Դուման»
Կրտսերներու ձեռնագնդակ
1. Պըրպենք՝ «Կայծակ»
2. Կլենտէյլ՝ «Շանթ»
3. Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ՝ «Հրայր Մարուխեան»
Կողովագնդակ
1. Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ՝ «Հրայր Մարուխեան»
2. Կլենտէյլ՝ «Զաւարեան»
3. Պըրպենք՝ «Կայծակ»
Ոտնագնդակ
1. Փասատինա՝ «Նիկոլ Դուման»
2. Կլենտէյլ՝ «Զաւարեան»
3. Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ՝ «Հրայր Մարուխեան»
Ձեռնագնդակ
1. Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ՝ «Հրայր Մարուխեան»
2. Հոլիվուտ՝ «Սողոմոն Թէհլիրեան»
3. Օրենճ Քաունթի՝ «Սերոբ Աղբիւր»: