ԵՐԵՒԱՆ, «Սփոր»չ.- 3 Յունիսին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Ֆութպոլի ազգային ֆետերանիոնի ֆութպոլային շարժման անդամները «Արազի ափին» երգով դիմաւորեցին Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Արաս Օզպիլիսը: Ան Հայաստան հասաւ ծնողներու հետ, որոնք խորապէս ազդուեցան՝ տեսնելով, թէ իրենց զաւակը որքան ջերմութեամբ կը դիմաւորուի հայ մարզասէրներուն կողմէ։ Արասի ծնողները երկրպագուներուն հետ հայերէն խօսեցան, իսկ Արաս լուսանկարուեցաւ բոլոր փափաքողներուն հետ։
Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ ՖԱՖի անդամները օդակայանին մէջ կը դիմաւորեն «Այաքս»ին հետ խաղացող իրենց հայրենակիցին:
Հոլանտայի նոր ախոյեան Արաս Օզպիլիս Հայաստան կը գտնուի ներկայ ըլլալու 5 Յունիսին կայանալիք Հայաստան-Ղազախստան բարեկամական խաղին։
Յիշեցնենք, որ ոտքի վիրահատութեան եւ բուժման հանգրուանի մէջ ըլլալուն պատճառով Օզպիլիսը չկրցաւ միանալ ազգային հաւաքականին: