Գեղեցկագիտական վիրաբոյժ Գրիգոր Խաչատրեան Երեւանի մէջ հիմնադրած է վիրաբուժութեան նոր կեդրոն: Անիկա հայ-գերմանական կեդրոն է, որ պիտի կատարէ գեղեցկագիտական վիրաբուժութիւն։
Բացման արարողութեան ընթացքին տոքթ. Խաչիկեան ներկաներուն ցոյց տուած է կեդրոնը եւ բացատրած անոր աշխատանքներուն մասին։ 30 տարի շարունակ բժշկական գործիքներով աշխատած գեղեցկագիտութեան վիրաբոյժը դիտել տուած է, որ ինք բժշկութենէն պիտի չհեռանայ։
«Կեդրոնը զբաղուելու է փոքր վիրահատութիւններով, այսպէս կոչուած մէկ օրուայ վիրահատութիւններով՝ բերանի խոռոչի, դիմածնօտային, պլաստիկ, դենտալ ինպլանտոլոգիայ», դիտել տուած է Գրիգոր Խաչատրեան:
Կեդրոնի միւս հիմնադիրն է Ժորժ Խուրին, որ կեդրոնի բացման արարողութեան համար եկած է Գերմանիայէն։ Հիւանդանոցին մէջ կան անհրաժեշտ բոլոր սարքերը, տուեալները, որակաւոր բժիշկներ եւ այլն։
Հայաստանի մէջ գեղեցկագիտական վիրաբուժութիւնը հիմնականին մէջ պիտի կեդրոնանայ քիթերուն վրայ։ Բժշկական քանի մը սերունդ կրթած վիրաբոյժը կը խոստովանի, որ այս վիրաբուժական գործողութիւններուն հիմնական նպատակը մարդոց հոգեկան աշխարհը փոխելն է։ «Վիրաբոյժը հրաշագործ է» հասկացութիւնը երբեմն իրականութիւն է, երբեմն էլ՝ հիւանդի հիասթափութեան պայման», դիտել տուած է Խաչատրեան։
Եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան ու այդ ոճով գեղեցկագիտական վիրաբուժութեան կեդրոնի գաղափարը կեանքի կոչուած է վեց տարի առաջ եւ անիկա արդէն իսկ իրականութիւն է ու պատրաստ՝ գեղեցկագիտական վիրաբուժութիւն կատարել փափաքողները ընդունելու։