ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայոց բանակին՝ թշնամիի սադրանքները դիմագրաւելու իր հերոսական ճիգերուն զօրակցութեան յայտարարութիւններով սոսկ չբաւականանալով՝ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք մեր մասնակցութիւնը բերելու բանակի կորովը հզօրացնող քայլերու: Ժամանակն է որ ստեղծուի համահայկական հիմնադրամ մը, որ տէր պիտի կանգնի հայոց բանակի նահատակներուն՝ հին թէ նոր:
Անցեալի սխալներէն պէտք է սորվինք: Պէտք է մեր ազատամարտիկներուն ու նահատակ զինուորներուն տէր կանգնինք, պէտք է անոնց ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք երաշխաւորենք. խրամատներու մէջ դիրք բռնած իւրաքանչիւր հայ մարտիկ, հայ զինուոր, պէտք է վստահ ըլլայ, որ ամբողջ ազգը իր թիկունքին է՝ իր հոգերուն ու պարտաւորութիւններուն բաժնեկից:
Սահմանամերձ գիւղերու պարագան, այս յարձակումներու լոյսին տակ, բոլորովին նոր մօտեցումով պէտք է քննենք: Ամէն օր թշնամիի կրակին տակ ապրող հայ գիւղացիները պէտք է նոյնպէս իմանան, որ առանձին չեն, որ պետութիւնն ու ազգը ամբողջ, իրենց թիկունքին է, իրենց ծանր առօրեային գիտակից է ու պատրաստ է ձեռք երկարելու իրենց:
Այսօր արդէն մենք պէտք է շօշափելիօրէն հասցուցած ըլլայինք մեր զօրակցութիւնը վերջին կռիւներուն թատերաբեմ դարձած Չինարի, Բերդաւան, Ճամբարակ ու Ոսկեպար գիւղերու բնակիչներուն: Ճակատի վրայ ապրող այս գիւղացիներուն, մենք, բոլորս պարտական ենք: Ուղղակի հրաշալի է անոնց դիմադրականութիւնը: Պարզապէս այս հերոսական գիւղերու բնակիչներու քաջութեամբ հիանալով չենք կրնար բաւարարուիլ:
Դարձեալ կը ծագի մեր զօրակցութիւնը տեղ հասցնելու խնդիրը: Արագ ու անմիջական աջակցութիւն հասցնելու թէ հիմնաւորապէս այս մարդոց կեանքը բարելաւելու, նաեւ ամէն օր մահուան սպառնալիքի տակ ապրելու իրենց հերոսական յամառումը գնահատելու ձեւը պէ՛տք է գտնենք:
Օգնութեան ուշացումը ողբերգական հետեւանքներ կարող է ունենալ…