ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Հետզհետէ անհետացող աւագ սերունդի վերջնական մեկնումով, սփոփանք էր տակաւին շրջապատուած ըլլալը քանի մը մտաւորական ընկերներով։ Այլեւս, պերճանք էին դարձած այն նօսրացող հանդիպումները, զորս մերթ ընդ մերթ կ՛ունենայինք աղուոր առիթներով։
Անհետացող երկրին հետ երկրի ծնունդ վերջին սերունդին՝ «Նոր Գիր»ի տղոց՝ ամբողջական կազմովը, հաւաքին ընթացքին էր որ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած էի Արիսին՝ ինձմէ երեք տարու մեծ։ Տարին՝ Մայիսի 1980ը։ Շարժառիթը՝ Լոս Անճելըսէն Անդրանիկ Անդրէասեանի այցն էր մեր ափերը։ Հանդիպման վայրը՝ ատաշիս՝ Յակոբ Ասատուրեանի Թենըֆլայի առանձնատունը։ «Նոր Գիր»էն Ներկայ էին նաեւ միւս երկուքը՝ Բենիամին Նուրիկեանն ու Սուրէն Մանուէլեանը, ինչպէս նաեւ՝ Յակոբ Կարապենց, Անդրանիկ Լ. Փոլատեան, Արիս Սեւակ, փարիզաբնակ նկարիչ Գրիգոր Նորիկեան ու ես։
Մայիսեան հաճելի երեկոյ մը, շրջապատած էինք ամերիկահայ մեր մեծ գրողները։ Ի տես նման մեծերով շրջապատուած հանդիպումներուն, անշո՛ւշտ մերօրեայ գրական երեկոները համեստ էին, բայց անով ալ գոհ կը մնայինք։ Սակայն, այս անգամ, ճակատագիրը եկաւ հարուածելու մեր այդ խումբի անդամներէն ոմանց. մէկ-մէկ հեռացան Տիրան սրբազանը, Մեսրոպ արք. Աշճեանը, Կարապենցը, Փոլատեանը, Ժիրայր Աթթարեանը, Էտի Պօղոսեանը… ու հիմա արդէն չսպասուած՝ անակնկալօրէն կը մեկնի Արիս Սեւակը։ Մնացած ենք երկու ձեռքի մատներու վրայ համրուող «տղաք»՝ Հրանդ Մարգարեան, Նուպար Գուբելեան, Մ. Հայկենց, Վեհանուշ Թեքեան, Վարդան Մաթոսեան, Անահիտ Դաշտենց, Արթուն Համալեան, Հենրիկ Բուտաղեան, Զարմինէ Պօղոսեան եւ քանի մը ուրիշներ։
Արիս բազմերես հետաքրքրութիւններով օժտուած գրող մըն էր։ Որքա՛ն զինք կը հետաքրքրէր ժամանակակից գրականութիւնը, նոյնքա՛ն՝ ոսկէ դարու թէ միջնադարեան մատենագիտութիւնը։ Գրական բոլոր սեռերու նկատմամբ հաւասար հետաքրքրութիւն ունէր։ Պատմութեան բոլոր շրջանները՝ աւանդականէն մինչեւ ազգային ազատագրական պայքար, կուսակցական գրականութեան բոլոր երեսները. հակառակ դաշնակցական իր հակումներուն, կը կարդար նաեւ ռամկավար գրականութիւն։ Սակայն, հայ թերթը իր առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկան կը մնար։ Գրական հանդէսներն ու պարբերականները, կուսակցական մամուլն ու անկախ երկլեզու թերթերը կը սիրէր պրպտել։
Արիս Սեւակի ծնողները՝ փրոֆ. Մանասէ Գարակէօզեան՝ կիլիկեցի, յայտնի կենսաբան, որ քառասնամեակ մը առաջ, խորհրդային կարգերուն, դարձած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի առաջին սփիւռքահայ անդամը։ Գարակէօզեան ազգանունը հայացուցած էր ու դարձած՝ Սեւակի։ Արիս, Ֆիլատելֆիա ծնած ու հազիւ շրջանաւարտ Փենսիլվանիոյ համալսարանի քաղաքագիտութեան ճիւղէն՝ ուզեց ճանչնալ ամերիկահայ գաղութի համայնքները եւ Լոս Անճելըսի «Ալեք Փիլիպոս» վարժարանին մէջ եղաւ ուսուցիչ։ Հայ ուսուցիչ եղաւ ու հայկական վարժարան չտեսած ըլլալուն համար, յամառօրէն ձգտեցաւ սորվելու մայրենին իր զոյգ թեւերով, ու այդ՝ կատարեալ ու անթերի կերպով։
Այդպիսով ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Մեսրոպեան Ուխտ»ի լեզուապահպանական միութեան հիմնադիր վարչական անդամ եւ այդ միութեան Արեւելեան ափի մասնաճիւղի փոխատենապետ մնաց։ Միութիւն մը, որուն մասին երբե՛ք չէր արտայայտուեր՝ գոնէ ինծի։ Գիտէի, որ նման միութիւն մը գոյութիւն ունէր, սակայն… կարծէք գաղտնի կը պահէր։ Արդեօք «Ուխտ» բառը ինքնին խորհրդաւոր կը դարձնէ՞ր այդ միութեան կենդանութիւնն ու գործունէութիւնը։ Միւս կողմէ՝ Հայաստանի «Դասական ուղղագրութիւնը վերականգնողների միութիւն»ը Սեւակը նշանակած էր իր ներկայացուցիչը՝ Ամերիկայի մէջ։
Բայց կը պաշտէր իր մայրենին։ Յաճախ կը հեռաձայնէր ստուգելու կարգ մը բառերու գործածութեան իմաստները նախադասութեան մէջ։ Թէեւ գրքունակ կը կարծէի որ ան ըլլար, սակայն, տարիներու թաւալքով նկատեցի, թէ բառերը ճի՛շդ իմաստաւորումով կ՛ուզէր գործածել, մանաւանդ յետագային, երբ այլեւս մասնագիտանալու սկսած էր թարգմանական աշխատանքի մէջ։
Չեմ խորհիր որ իր նմանը այսօր ունենանք, մանաւանդ՝ հայերէնէ անգլերէն լեզուի թարգմանական աշխատանքի ասպարէզէն ներս։ Տիրապետած զոյգ լեզուներուն՝ Արիս հեզասահօրէն կը կատարէր այդ աշխատանքը։ Իրեն համար կարճ կամ երկար գործ, յօդուած, աշխատասիրութիւն չկար։ Բոլորն ալ նո՛յն արժէքը կը ներկայացնէին։ Անգլրէնէ հայերէն, եւ հակառակը, թարգմանական աշխատանքներուն թիւը կը կազմէ երկոտասնեակ անուն գիրք եւ 250է աւելի յօդուած։ Գոնէ իմ յօդուածներէս 40էն աւելին Արիս թարգմանած է անգլիատառ մեր մամուլին համար։ Սիրով ու երբեմն ալ՝ հայերէնով յօդուածիս մէջ մատնանշումներ, հպումներ եւ ուղղումներ ընելով։ Մի՛շտ ալ իրաւունք ունեցած է, հակառակ տարակարծութիւններու։ Շատ քիչ կը սխալէր։
Օրինակ, թարգմանած է Գրիգորիս եպս. Պալաքեանի «Հայոց Գողգոթա»ն, խմբագրած է փրոֆ. Ճորճ Պուրնութեանի հեղինակած քսան գիրքերէն ութն։
Մի՛շտ կ՛ըսէր. «Վաղը Ամերիկայի մէջ, գրածներդ գրեթէ ընթերցող պիտի չունենան. գոնէ Վարդիվառեաններու նոր սերունդին համար ծաղկեփունջ մը թարգմանենք… եթէ ոչ ուրիշներուն համար, գոնէ կնոջդ՝ Մարիային խաթեր համար»: Երբեմն ան կը հանդիպէր մեր տունը, խոհանոցի ճաշասեղանին վրայ, երեքով մէկ այդ կ՛ըլլար խօսակցութեան նիւթը տնեցիներուն հետ։ Դժբախտաբար, չհասաւ այդ օրուան, սակայն փունջ մը այդ թարգմանութիւններէն կը մնան մնայուն յիշատակ՝ սիրելի՛ Արիսէն։
Մեր յարաբերութիւնները շատ աւելի մտերմացան, երբ Արիս որպէս օգնական խմբագիր հրաւիրուեցաւ Էտի Պօղոսեանի խմբագրած «Արմինիըն Ռիփորթըր» շաբաթաթերթ, ուր մնաց 15 տարիներ։ Իմ յաճախակի այցելութիւններս Էտիի, մանաւանդ անոր Նիւ Ճըրզի փոխադրութենէն ետք, առիթ կը ստեղծէր խմբագրատան մէջ՝ ըլլալու նաեւ Արիսին հետ։ Երեքս ալ մասնաւոր սէր ունէինք արեւելեան խոհանոցին նկատմամբ… եւ շատ անգամ մեր հանդիպումները կը շարունակէինք հայկական, լիբանանեան եւ երբեմն ալ՝ նոր բացուած թրքական ճաշարանի մը մէջ, ուր մեզի յաճախ կը միանային Բիւզանդ Մարգարեանը, Մ. Հայկենցը, Սարգիս Բասքալեանը, Եղիշէ Հաճաքեանը եւ ուրիշ ընկերներ։
Մեծ եղաւ անոր ներդրումը շաբաթաթերթէն ներս։ Անգլերէն լեզուին կը տիրապետէր եւ Էտիին աճապարանքով ու հեւքով գրուած խմբագրականները, յօդուածներն ու ճամբորդական յուշագրութիւնները, ան խնամեալ ձեւով լոյս աշխարհ կը բերէր։ Հայաստանեան լուրերու թարգմանական աշխատանքը կ՛ընէր, մանաւանդ որ Սովետական շրջանին, անգլերէն լեզուով լրատուութիւն գրեթէ չէր հասներ Երեւանէն։ Նոյն շնորհալի գործը Արիս մօտ երկու տասնամեակ կատարեց՝ Միջին Արեւելքի հայաշատ գաղութներու կարեւոր անցուդարձները անգլերէն լեզուով հրամցնելու եւ Մայր աթոռէն եկած կարգ մը հաղորդագրութիւնները թարգմանելով։
Թերթին արտօնատիրութիւնը Գաֆէսճեանի տրուելէ ետք, ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը պաշտօն տուաւ Բաբգէն Մկրեանին ու ինծի, կապի մէջ մտնելու Արիսին հետ եւ հրաւիրելու զայն՝ վարելու «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի Նիւ Եորքի գրասենեակի պատասխանատուութիւնը՝ մասնակի ժամանակով։ Ունեցանք հանդիպում եւ յայտնեց իր տրամադրութիւնը այս ուղղութեամբ, սակայն 2006ին, ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակը պէտք ունէր մամլոյ վարիչի մը՝ պատասխաատուի մը, անշուշտ նիւթական շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններով։ Դարձաւ խմբագիրը Միութեան «Արարատ» գրական պարբերականին։ Սակայն, խոստացաւ միշտ աշխատակցիլ «Միրըր»ին, մանաւանդ՝ թարգմանական գործով։ Ու ադպէս ալ, մինչեւ վերջ, Արիս ունեցաւ իր յատուկ տեղը մեր թերթի ընտանիքէն ներս։ Անոր վերջին թարգմանութիւնը եղաւ իմ գրած «Ուխտագնացութիւն 2011» թերթի ութ էջերու վրայ ծաւալող յուշագրութիւնս:
Այս առթիւ, կ՛արժէ յայտնութիւն մը ընել. «Ռիփորթըր»ը գնելու առաջարկ մը ըրած էի Էտիին։ Արիսի խմբագրութեամբ Նիւ Եորքի մէջ պիտի ուզէի այս թերթը շարունակել. շաբաթաթերթը ունէր իր ժողովրդականութիւնը եւ ընթերցողներու թիւ մը։ Արիսն ու ես կը ջանայինք համոզել Էտին, որ առաջարկուած գումարով թերթը յանձնէր ինծի՝ խոստանալով պահել իր դուստրը՝ Սիլվան, որպէս վարչական պատասխանատու։ Միայն 75 հազար տոլարի տարբերութիւն մը կար իմ առաջարկիս եւ Գաֆէսճեանի միջեւ։ Լա՛ւ գիտէինք, թէ մենք պիտի կարենայինք զայն շարունակել հրատարակել։ Իրապէս ալ, Էտիի մահէն հազիւ երկու տարիներ ետք, «Ռիփորթըր»ը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ։ Ահա՛ վախճանական ճակատագիրը այդ թերթին…։
Ունէր թատրոնի հանդէպ սէր եւ բեմական շնորհք։ Բեմ բարձրացաւ Հրանդ Մարգարեանի բեմադրած ազգային բովանդակութեամբ թատերական ներկայացումներուն։ Վարչական էր Համազգայինի Նիւ Եորքի վարչութեան։
Դժբախտաբար, այլեւս դժուար որ Բարեգործականի հին ու նոր անդամներ այցելեն ՀԲԸՄի Կեդրոնական գրասենեակը՝ առաջուան նման, որպէս հարազատ իրենց տունը։ Այդ զգացումը անդամակցութեան մօտ փուլ եկաւ ծանօթ պատճառներով։ Սակայն, Արիսի եւ Արթունի (Համալեանի) ներկայութիւնը այդ գրասենեակէն ներս, տակաւին որոշ չափով կը պահեն հինէն եկած աւանդութիւն մը։ Արիսի գրասենեակը դարձեալ ծանրաբեռնուած է թերթերով ու գիրքերով։ Հայերէն թերթեր ու գիրքեր կը տեսնենք ամերիկանացած այդ հաստատութեան մէկ գրասենեակէն ներս։ Կը խնդրեմ «Յուշարար» պաշտօնաթերթէն գրութիւններ ու յաջորդ օրն իսկ արդէն ծրարով տրուած կ՛ըլլար նամակաբաշխին… եւ ամենայն ճշգրտութեամբ։ Վերջին այցելութեանս իմ հետ տարած էի փրոֆ. Վահագն Տատրեանը, որ Մարտի սկիզբը եկած էր Նիւ Ճըրզի, ԹՄՄի հրաւէրով, ներկայացնելու իր վերջին գիրքը՝ «Դատաստան Իսթանպուլի մէջ»։ Արթուն խնդրած էր ինձմէ, որ զինք Միութեան գրասենեակ բերէի եւ ծանօթացնէի պաշտօնէութեան։ Ուրախ եմ, որ համեմատաբար երիտասարդ պաշտօնեաները սիրալիր դիմաւորեցին եւ շրջապատեցին մեծ պատմաբանը։
… Արիսի գրասենեակը պարապ էր. արդէն ծանր հիւանդ էր ու գործի չէր իջներ։
Անցեալ Հոկտեմբերին, «Զարթօնք»ի մէջ յաջորդական 5-6 թիւով լոյս էր տեսեր մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին նուիրուած գրութիւնս։ Արիս սոյն գրութիւնը ուշադրութեանը հրաւիրած էր Միութեան նախագահին՝ Պերճ Սեդրակեանին։ Շնորհակալ էր գտնուած, որ տակաւին իր հօրեղբօրը՝ մեթրին, յիշողներ կային։
Արիս ունէր գեղեցիկ պարտականութիւն մը. երբ կը տեսնէր որեւէ թերթի մէջ արտատպուած մէկ գրութիւնս, ինքնաբերաբար զայն կը մկրատէր ու ինծի կը հասցէագրէր։ Այսպէս, տարիներ ամբողջ, իրմէ ստացած եմ նման պահարաններ՝ քանի մը անուշ խօսքերով։
Յաճախակի Պէյրութ այցելութիւններուս ունէր պատուէրներ, Լիբանան-Սուրիայէն լոյս տեսած վերջին գիրքերու ցանկեր։ Գիտէր, թէ անոնք ծանր կը կշռէին, գիտէր մանաւանդ, որ ես ալ գիրքերով ծանրաբեռնուած պիտի վերադառնայի։ Բայց կարելի չէր մերժել Արիսին։ Ինք, որ մի՛շտ եղած է օգտակար։ Ու այսպէս, տարին քանի մը անգամ, Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյց»ներու նոր հրատարակութեան շարքը, «Յիշատակարան Ատանայի Աղէտի», «Պատմութիւն Սուէտահայերու», ու դեռ Քասունիի, Գէորգ Աբէլեանի, Աւօ Գաթրճեանի… եւ այլոց նոր գործերը կը կազմէին այդ ցանկերու բնակիչները։
Արիս աչքերը կը փակէր Ապրիլ 28ին, 65 տարեկանին՝ իր հասուն «երիտասարդութեան» սեմին՝ կիսատ ձգելով սկսուած շատ մը գործեր ու ծրագիրներ։ Կը մահանար իր տան մէջ, Նիւ Եորքի «Ճեքսըն Հայթց» թաղամասին մէջ, շրջապատուած իր գիրքերով ու թերթերու ճոխ հաւաքածոյով։ Մանաւանդ՝ շրջապատուած իր կնոջմով՝ Աստղիկով, որ մնաց Արիսին մնայուն կեանքի ընկերուհին։ Ու դեռ շրջապատուած իր զաւակներով՝ Այտայով, Ալիսով, Անիով, Արմէնով։ Ունէր եղբայր մը՝ Փօլը։ Վերջին երկու ամիսներուն կը պայքարէր քաղցկեղին դէմ, զոր ուշ գուշակած էին բժիշկները։
Մարտ 11ին եկած էինք Քուինզ՝ ներկայացնելու «Շողոքոր»չը. սրահէն քանի մը թաղ անդին էր, շատ մօտ էի իր տանը։ Ուզեցի այցելել. ըսաւ՝ Համազգայինի վարչականները եկած էին զինք տեսնելու։ «Յակո՛բ, գիտեմ որ շուտով պիտի բժշկուիմ, զիս այդպէս առողջ կը դիմաւորես ու ողջոյնդ կու տաս, աւելի՛ լաւ»։ Այդպէս ալ խոստացայ…։ Բայց աւելի ծանրացաւ եւ չուզեց մարդ ընդունիլ։
Սիրելի՛ Արիս, շուտով Պէյրութ կը մեկնիմ. ի՞նչ գիրք ունիս ապսպրելու «Համազգային»ի գրադարանէն։