ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամիսներ առաջ տիկին Լորա Արշակունին՝ ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղի անդամ ընկերուհի Լորան, խմբագրութիւն հեռաձայնած էր ու յայտնած իր փափաքը՝ այցելելու մեզի: Առողջական պատճառներով այդ այցելութիւնը ուշացաւ: Ամէն անգամ որ ընկերուհին կը հեռաձայնէր՝ յետաձգման մասին լուր տալու, «Ասպարէզ»ի բաժանորդագրութեան արշաւին իր նուիրատուութիւնը կը կատարէր՝ ստանձնելով աշակերտ-ուսանողներու թերթ առաքման ծախսերը:
Նախորդ Ուրբաթ օր ընկերուհին հասաւ խմբագրատուն: Եկած էր հոգիի պարտք մը հատուցելու. «Ասպարէզ»ի տարիներու ընթերցող, թերթի առաքելութեան հաւատացող իր ամուսնոյն՝ տոքթ. Հայկազ Արշակունիի յիշատակին ան խմբագրութեանս նուիրեց տասը հազար տոլար:
Մենք հետագային պիտի անդրադառնանք տոքթորին կենսագրութեան: Այսօր կ՛ուզենք ընդգծել միայն մէկ խորհուրդ, զոր մեզ փոխանցեց ընկերուհի Լորան՝ տոքթորին կեանքի մէկ դրուագի ընդմէջէն:
Սիսէն Պէյրութ հասած տարագիր Հայկազը, իր եղբօր քաջալերանքով կ՛երթայ Լեւոն Շանթին մօտ՝ ուսումը շարունակելու հարցով խնդրելու անոր օժանդակութիւնը: Այս հրաշալի մարդը իր ծանրակշիռ յանձնարարական նամակը չզլանալով Հայկազին, մէկ ոսկի ալ տուած է իրեն անծանօթ երիտասարդին՝ քաջալերելով զայն, որ անպայման շարունակէ ուսումը:
Այդ մէկ ոսկին հիմա տասը հազարով «Ասպարէզ»ին կը վերադարձնէ ընկերուհի Լորան՝ երախտագիտաբար յիշելով Լեւոն Շանթի ազնուութիւնը:
Մեզի համար հարցը մէկը տասը հազարով հատուցելու պատրաստակամութիւնը չէ, այլ մեր լաւագոյն մտաւորականութեան ներկայացուցիչին օրինակելի քայլը իբրեւ մեր արժէքային համակարգը հարստացնող խորհուրդի հաստատումը, որ այս անգամ կը կատարուէր ընկերուհի Լորայի կողմէ եւ ահա «Ասպարէզ»ի ճամբով կը փոխանցուի հազարաւորներու:
Շնորհակալ ենք ընկերուհի՛ Լորա, մենք տոքթ. Հայկազի յիշատակը կը յաւերժացնենք: