ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեանը մեկնաբանած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հրապարակումները այն մասին, որ ատրպէյճանական ինքնաթիռներն ու կործանիչները բազմիցս թափանցած են ԼՂՀ օդային տարածք: «Ատրպէյճանի ՌՕՈՒ թափանցումը Արցախի օդային տարածք անհնար է, քանի որ այն մշտապէս Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ուշադրութեան կենտրոնում է», դիտել տուած է ան։
Հասրաթեան ընդգծած է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի օդուժը զինուած է ժամանակակից արհեստագիտութեամբ, որ ի վիճակի է կանխարգիլելու հակառակորդի օդային գործողութիւնները: