ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանական վերջին զինուորական գործողութիւնները եւ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու շարունակուող ոտնակոխումները քննարկուած են Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին նշանակուած Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հարցաքննութեան ընթացքին:

Ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Եւրոպական հարցերով ենթայանձնաժողովի ատենապետուհի Ճին Շահին,

Մորնինկսթարին յստակ հարցումներ կատարած են՝ Ատրպէյճան-Ամերիկա յարաբերութիւններու, Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական լուծում գտնելու վերաբերեալ: Անոնք նաեւ դատապարտած են հայկական դիրքերու վրայ ատրպէյճանական վերջին յարձակումները, որոնք տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի շրջան այցելութեան ընթացքին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է ծերակուտականներ Մենենտեզի եւ Շահինի, որոնք հայութիւնը յուզող սոյն հարցերը լուսարձակի տակ դրած են:
Մորնինկսթարը, իր կարգին նշած է, որ Ամերիկա պէտք է շարունակէ աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ, խթանելու համար ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումները: «Շրջանին մէջ աւելի ապահով ապագայի հասնելու համար, Ամերիկայի համար չկայ աւելի մեծ առաջնահերթութիւն, քան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը», նշած է Մորնինկսթար:
Մենենտեզ կոչ ըրած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու վերջերս երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպերուն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հնչող սպառնալիքներուն եւ յայտարարութիւններուն, ուր կը նշուի, թէ հայերը պէտք է միշտ ապրին վախի մթնոլորտի մէջ: Ան նաեւ հարց տուած է, թէ արդեօք նման երկիրի մը ռազմական սարքաւորումներ վաճառելը Ամերիկայի շահերուն համահո՞ւնչ է: «Ատրպէյճան լարուած յարաբերութիւններու մէջ է նաեւ միւս դրացիներուն հետ, մասնաւորապէս՝ Իրանի: Կը կարծեմ, որ ռազմական այնպիսի՛ օգնութիւն պէտք է տրամադրենք, որ անոնք չօգտագործուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ», նշած է Մորնինկսթար:
Առանց ուղղակի կոչ ընելու Ատրպէյճանի իշխանութեանց, թէ նման զինուորական գործողութիւններ պէտք չէ կասեցուին՝ Մորնինկսթար ըսած է, որ նման գործողութիւններ չեն նպաստեր Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման:
Մենենտեզ նաեւ խօսած է Ատրպէյճանի կողմէ Հին æուղայի հայկական գերեզմանատան ա-ւերման հարցին մասին: Այս կապակցութեամբ, Մորնինկսթար պատասխանած է. «Եթէ դեսպան նշանակուիմ, ամէն ջանք պիտի տանիմ այցելելու համար գերեզմանատուն: Նման գործողութիւններ անընդունելի են»:
Մենենտեզ նաեւ կոչ ըրած է դեսպանի թեկնածուին, որ նշանակման պարագային լաւապէս օգտագործէ իր դիրքը ու ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա հարց տուած է, թէ արդեօք Մորնինկսթարի համար վիճարկելի են 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած դէպքերն ու հայերու սպանութիւններու փաստերը: Դեսպանի թեկնածուն պատասխպանած է. «Ո՛»չ:
Նիստին տեսաերիզը կարելի է դիտել՝ այցելելով
www.foreign.senate.gov/hearings/nomination-6-13-2012 կայքէջը: