
ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս», «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էյմոն Կիլմոր Հինգշաբթի, Յունիս 14ին Պաքուի մէջ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջեւ կայանալիք յառաջիկայ հանդիպումը արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին, միաժամանակ նշելով, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի ազգերու ինքնորոշման ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներով, եւ ոչ թէ՝ ուժով: Կիլմոր նաեւ աւելցուցած է, թէ բռնութիւններու շղթային պէտք է վերջ դրուի՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչ ընելով Ատրպէյճանի իշխանութեանց:
Էդուարդ Նալբանդեանի, Էլմար Մամետեարովի եւ Մինսկի խմբակի համանախագահներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, Երկուշաբթի, Յունիս 18ին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննուին ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման նոր առաջարկները:
Կիլմոր նաեւ կրկնած է, թէ հակամարտութեան կողմերը պէտք է փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու միջոցներ որդեգրեն՝ մասնաւորապէս նշելով սահմանային գօտիներէն արձակազէններ հեռացնելու հրամայականը:
Կիլմոր հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի վարչապետին, խորհրդարանի փոխնախագահին, քաղաքական կարգ մը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, Արցախի ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Պաքուի ԵԱՀԿ գրասենեակի անձնակազմին հետ:
Անոր Հարաւային Կովկաս այցելութիւնը սկսած է Երեւանէն՝ Յունիս 11ին, ապա ան այցելած էր Վրաստան:
Միւս կողմէ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ «եթէ Հայաստան չի փափաքիր իր զինուորներուն մահը տեսնել, ապա պէտք է լքէ Ատրպէյճանի տարածքները»: Ան պնդեց, թէ ատրպէյճանական կողմը համաձայն է սահմանային գօտիներու մէջ տեղի ունեցած միջադէպերու հետաքննութեանց համակարգ մը ստեղծելու գաղափարին, սակայն աւելցուց, թէ այդ համակարգը «ի զօրու պիտի դառնայ, երբ հայկական զօրքերը սկսին լքելու Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքները»:
«Եթէ այդ համակարգը այսօր սկսի գործելու, ապա այդ մէկը պիտի նշանակէ միայն գոյութիւն ունեցող իրավիճակի ամրապնդումը, ինչ որ անընդունելի է: Եթէ Հայաստան լքէ Ատրպէյճանի տարածքները, ապա արձակազէններու կարիքը պիտի չզգանք», յայտարարած է նախարարը: