ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2012 թուականը, այս արագավազ տարին, յատկանշական եղաւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցող կամ տակաւին ունենալիք քաղաքական դէմքերու ընտրութիւններով եւ այս պատճառով ալ 2012 թուականը կոչուեցաւ ընտրութիւններու տարի:
Այսպէս, Հայաստանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Հոլանտայէն՝ Վենեզուելլա, Մեքսիքոյէն, Եգիպտոսէն մինչեւ Յունաստան եւ Ֆրանսա եւ տակաւին այլ երկիրներ, այս տարուան ընթացքին զբաղեցան եւ գալիք օրերուն պիտի զբաղին նախագահական կամ խորհրդարանական (աղմկալից կամ մեղմ) զանազան ընտրութիւններով:
Հայերուս պարագային, անկախ Հայաստանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն, ներկայ տարին մեզի համար յատկանշական եղաւ մշակութային զանազան յոբելեաններով, որոնցմէ առաջինը՝ Հայ տպագրութեան 500ամեակը, ապա հայ գրականութեան զոյգ ածուներուն մէջ վար ու ցան ընող մեծ մշակներու ծննդեան տարեդարձներն ու մահուան ամեակները:
2012 թուականը նաեւ նոյնքան յատկանշական տարեդարձ մը կը յուշէ բոլորիս՝ համահայկական առումով, 1962ի Յունուարին, Պէյրութի մէջ լոյս աշխարհ կու գար իր տեսակին մէջ եզակի, հայ գրականութեան, արուեստի եւ իմացական մտքի հորիզոններուն բացուած, այլեւ իր կարգին նոր հորիզոններ նուաճելու նախանձախնդրութեամբ տոգորուած նոր՝ «Բագին» անունով ամսագիր մը, վարիչ խմբագիր ունենալով Կարօ Սասունին, իսկ անոր կողքին՝ մտաւորականներ Եդուարդ Պոյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը:
Իր երեւումի առաջին իսկ օրէն «Բագին» շրջապատուած էր գրական հրապարակի վրայ անուն շահած հանրայայտ խումբ մը գրագէտներով, ինչպէս՝ Յարութիւն Գեղարդ, Տիգրան Ոսկունի, Բաբգէն Փափազեան, Վահէ Օշական եւ շատ ուրիշներ:
«Նորածին «Բագին»ը կը նպատակադրէր մղում տալ ու նաեւ արժանաւոր կերպով ներկայացնել մեր գրականութեան անդաստանի մշակներուն ստեղծագործական աշխատութիւնները», կը նշուէր «Բագին» ամսագիրի լոյս ընծայման առիթով:
(«Բագին»ի մասին այս եւ նման այլ տեղեկութիւններ կարելի է քաղել Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնական կայքէջէն www.hamazkayin.com):
Արդ, եթէ ուշադիր ակնարկ մը նետենք անցնող հինգ տասնամեակներուն վրայ երկարող «Բագին»ի կեանքին, վաստակին եւ մատուցման եղանակին, կրնանք հաստատել, թէ անիկա առաջին իսկ թիւէն փայփայած է յստակ տեսիլք մը, տեսիլքներ եւ այդպէս ելած ճամբայ:
Անոր հիմնադրութեան առաջադրանքներէն գլխաւորը եղած է՝ գնահատել եւ լոյսին բերել իրաւ տաղանդներ ու ստեղծագործութիւններ, հանդիսանալով ոսկեայ կամուրջ ՝ հայ գրականութեան շարունակուող երթին:
Պէտք է ըսել, որ շնորհիւ իրերայաջորդ խմբագիրներու լայնախոհութեան, ստեղծագործ մտքին ու ի գործ դրուած ճիգերուն, «Բագին» մինչեւ օրս կը հանդիսանայ համահայկական այն բեմը, ուր գրողը կ՛արժեւորուի՝ գրելու տաղանդ մը, լեզուական շնորհ մը թէ ստեղծա-գործական ճշմարիտ զգացողութիւն մը յայտնաբերած ըլլալուն համար:
Տակաւին իր կէսդարեայ կեանքի ընթացքին, «Բագին» բաց եղաւ գրական օտարալեզու հորիզոններու առաջ եւ միշտ մնաց հաղորդակից՝ հայ ե՛ւ օտար գրականութեան ե՛ւ անոնց հին ու նոր գրողներուն:

Համընթաց քալելով իր ժամանակին հետ, «Բագին» իր նպաստը բերաւ հայ մտքի զարգացման հոլովոյթին՝ զանազան բնագաւառներու մէջ, ստեղծագործականէն մինչեւ թարգմանականը, շինիչ քննադատութենէն մինչեւ արժէքներու դաւանումն ու նորերու յայտնաբերումը՝ ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլեւ նկատի առած Հայաստանի գրական անդաստանը:
Ապրելով մեր ազգային ու մշակութային արժէքներով, «Բագին» իր ընթերցողները ապրեցուց նաեւ համամարդկային արժեչափերով՝ հայ ընթերցողը մասնակից դարձնելով նաեւ մարդկութեան ստեղծագործ աւիւնին, համաշխարհային հռչակի տիրացած մեծերու կեանքին, գրականութեան, արուեստին ու յայտնութիւններուն:
Բայց եւ այնպէս, լիբանանեան պատերազմի օրերուն, «Բագին» եւս ապրեցաւ զանազան տեսակի ցնցումներ եւ համտեսեց տեղաշարժերու լեղի պտուղները:
Պատմութեան համար արձանագրենք, որ «Բագին»ի խմբագրութիւնը Արեւմտեան Պէյրութի իր կեդրոնատեղին ակամայ եւ ստիպողաբար լքեց 1980ականներու սկիզբը եւ որոշ ժամանակ մը «թափառական»կեանք մը ապրելէ ետք Պուրճ Համուտի զանազան ակիւններու մէջ, 1990ականներու սկիզբը փոխադրուեցաւ ներկայի «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր եւ կը գործէ մինչեւ օրս՝ հրատարակելով տարեկան չորս թիւ (իւրաքանչիւրը՝ 80 էջ, գունաւոր) գլխաւոր խմբագիր ունենալով Յակոբ Պալեանը:
Ժամանակներու թաւալուին հետ ներկայ հայ մարդու առաջնահերթութեանց փոփոխութեան բերումով, ներկայիս «Բագին» եւս իր մորթին վրայ կը կրէ՝ հայ մամուլին դիմաց հայ ընտանքիներու դռները փակուելուն տխուր իրականութիւնը:
Ցաւօք, այսօր քիչեր կը կարդան հայերէն թերթ, պարբերաթերթ եւ վստահաբար, շատ աւելի քիչեր իրենց կեանքին մէջ կը փնտռեն գրական մամուլ, կը բաժանորդագրուին «Բագին» գրական յիսնամեայ հանդէսին:
Հակառակ այս տխուր իրականութեան, պէտք է խոստովանինք, որ ի պատիւ «Բագին»ի ու անոր հաւատացողներուն, գրական այս հանդէսը տէրը մնաց իր դաւանած սկզբունքներուն, յարատեւեց նոր օրերու պայմաններուն համահունչ եւ ժամանակակից տեսքով:
«Բագին»ի շուրջ տաղանդն ու ստեղծագործ ուժը չէ որ կը պակսին, այլ՝ իրեն մօտենալու եւ կամ զինք մեզի աւելի մօտեցնելու մեր մտքի հասունութիւնը, մեր քաջութիւնը եւ մեր իրաւ ու գործնական յանձնառութիւնը, որովհետեւ, գիտակից Սփիւռք մը կերտելու ճամբուն վրայ մեծ է դերը «Բագին»ին՝ անցեալի արժէքները նոր ժամանակներուն զօդելու եւ համահայկական առումով, գրական աշխարհի երէց, միջին թէ նոր սերունդներու հետ ոգեղէն կամուրջներ հաստատելու:
Հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած այս գրութեամբ կը մաղթենք, որ «Բագին»ը վայելէ մեր բոլորին նիւթական եւ բարոյական հովանին, որպէսզի հայ մշակոյթը գրկած, մտաւորականի բնորոշ գիտակցութեամբ դառնայ ոչ միայն արեւմտահայերէն լեզուի արթուն պահակը, այլեւ զտէ, մշակէ եւ մաքրէ զայն՝ իբրեւ ապրող լեզու եւ ահա թէ ինչու առաւել ջերմութիւն եւ զոհողութեան ոգի պէտք է ցոյց տալ՝ նպաստելու համար հայ գիրին, հայ արուեստին ու հայ գրատարակութեան հաւատացող սերունդներու ներգրաւման գործին՝ դէպի «Բագին» եւ դէպի անոր գոյութենական նպատակները:
Կը շեշտենք, յարգանքի, գուրգուրանքի ու մեր սիրոյն կողքին անսակարկ զօրակցութիւն է պէտք, որպէսզի քաջալեր հանդիսանանք հայ մտքին ստեղծագործ ճիգին առաւել պայծառացման ու մեր կեանքերուն մէջ տարածման:
Այս առումով, աւելորդ չենք նկատեր յիշեցնել, թէ կարեւոր դեր ունին խաղալիք իւրաքանչիւր հայ մտածող միտք, իւրաքանչիւր համազգայնական տղայ ու աղջիկ եւ իւրաքանչիւր մշակութասէր հայորդի:
Առ այդ, «Բագին» գրական հանդէսի նոր յիսնամեակի սեմին, վերանորոգ ու բարգաւաճ սկիզբի մը, անդադրում յարատեւութեան ու անկասելի յաջողութեան բարի մաղթանքներուս կողքին ի սրտէ կը յղեմ նաեւ տաքուկ բարեւ մը՝ մեր բոլորին սերելի յոբելեարին, տակաւին շատ երիտասարդ յիսնամեայ «Բագին»ին: