ԸՐՎԱՅՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի դասախօսական յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունիս 26ին, երեկոյեան ժամը 7ին, համալսարանի «Humanities Gateway» շէնքի թիւ 1010 սենեակին մէջ:
Փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան պիտի բանախօսէ՝ «Զուգորդուած յեղափոխութիւններ. 20րդ դարու սկիզբի ռուսական, օսմանեան եւ իրանեան յեղափոխութեաններն ու հայութիւնը» նիւթով: Մուտք ազատ է: