ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէն անձ այնպէս կը խորհի, թէ իրեն պատահած վատ դէպքը պէտք չէ՛ր որ պատահեր: Ո՛չ ոք իր անձը արժանի կը տեսնէ փորձանքի, վտանգի, անապահովութեան կամ արկածի: Յատկապէս հաւատացեալ մարդը իր խոր հաւատքով հանդէպ Աստուծոյ, բնա՛ւ չ՛ակնկալեր որ իր բնականոն կեանքը խանգարուի թէ՛ զինք շրջապատող մարդոց կողմէ, եւ թէ՝ պատահական դէպքերու բերումով:
Ասիկա այնքան յստակ գոյներով կ՛երեւի հիւանդութեանց յայտնաբերման առիթով, որ նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ հաւատքի փորձաքար կը հանդիսանան նման կացութիւններ: Մարմնի վրայ յայտնուող սովորական ուռեցքը, որսկզբնական շրջանին նոյնիսկ աննշան կը մնայ ու անկարեւոր կը նկատուի, յանկարծ եթէ մեծնայ ու բարդութիւններ ստեղծէ, կամ՝ բժշկական բառերով՝ «իգական տեսակը» ըլլալով «բեղմնաւորուի» ու թարախակալուի, կրնայ քաղցկեղի վերածուիլ ու ցաւալից մահուան պատճառ հանդիսանալ:
_ Ինչո՞ւ ինծի պիտի պատահէր…:
Ահաւասիկ այն հարցումը, որ մնայուն կերպով «կը կաթի» մարդու ուղեղին մէջ, երբ վատ բան պատահի իրեն: Արկածներէն վերապրողներ, երբ ուշքի գալով հայելիի մէջ կը տեսնեն իրենց խեղանդամ մարմինը, կամ այլանդակուած դէմքը, վստահաբար կը բաղդատեն զայն իրենց նախկին տեսքին հետ, եւ առաջին հարցումը որ կը հարցնեն Արարիչին, կ՛ըլլայ.
_ Ինչո՞ւ ինծի…:
Անակնկալ մահուան պարագաներուն ալ, հանգուցեալի հարազատները նոյն բողոքը կը ներկայացնեն Աստուծոյ, մանաւանդ եթէ ննջեցեալը ուրիշներուն օգտակար հանդիսացող անձ էր, կամ գէթ անվնաս ներկայութիւն ընկերութեան կեանքին մէջ, տրտնջալով կ՛ըսեն.
_ Այսքա՜ն չարեր կան աշխարհի վրայ, ինչո՞ւ այս բարի մարդը ընտրեցիր…:
Նման արտայայտութեան, ցասումի ու բողոքի հանդիպած եմ նոյնիսկ տարեցներու մահուան պարագային, երբ արդէն 85 կամ աւելի գարուններ բոլորած են անոնք:
Վերոյիշեալ բոլոր արտայայտութիւնները անհանգիստ ու տագնապահար հոգիներու յատուկ կացութեանց արդիւնք են: Զգացականութեան հետ առնչուող ամէն երեւոյթ, տուեալ պահուան ազդեցութեան տակ կրնայ իր այլակերպութիւնները ունենալ: Այստեղ հարցը այնքան ալ դէպքին վատ ըլլալէն կախեալ չէ, ինչքան մեզի հետ առնչութիւն ունենալուն: Ժողովրդային իմաստութիւնը միշտ ալ դաստիարակ եղած է հասարակութեան. այնտեղ կ՛ըսուի. երբ մորթիդ վրայ զգաս, տարբեր կ՛ըլլայ:
Այո՛, որովհետեւ ո՛չ միայն այդ պահուան ընթացքին տուժողը դուն ես, այլ տակաւին պատրաստ պէտք է ըլլաս կրելու ատոր բոլոր հետեւանքները: Իսկ այդ հետեւանքները առհասարակ մշուշապատ են եւ հետեւաբար՝ անորոշ: Ճիշդ ա՛յս է որ վախ կ՛ազդէ յաճախ, եւ մարդիկ շփոթի կը մատնուին իրենց պատահած վատ դէպքերուն առիթով: Ոմանք նոյնիսկ կը նուաղին, ուշքը կը կորսնցնեն, ուրիշներ կը պապանձին, ամբողջութեամբ համր դառնալով: Ոմանք ալ այդ պահուան ազդեցութեան տակ թոթով կը դառնան, եւ այնուհետեւ կակազելով կը խօսին: Յոռեգոյն պարագային, ու մանաւանդ ծանր վախի ազդեցութեան տակ, քաղցկեղը բոյն կը դնէ մարդուն մարմինին մէջ, եւ հետզհետէ զայն կ՛առաջնորդէ մահուան գիրկը:
Մարդիկ ընդհանրապէս սովորութիւն ունին իրենց ցաւը ամբողջ աշխարհին վրայ տարածուած տեսնելու: Այսինքն կը սպասեն, որ ամէն մարդ ցաւի իրենց ցաւով: Սա հարազատներու պարագային ճշմարտութիւն ըլլալով, օտարներու պարագային սպասելի չէ՛: Որովհետեւ հակառակ մարդկային ցեղին մէկ ամբողջութիւն ըլլալուն, անհատներ իրարմէ հեռու են ցեղային, ազգակցական եւ արենակցական կապերով:
Մրջիւններու կեանքէն քաղուած հետեւեալ օրինակը պէտք է վերցնել, իմանալու համար, թէ իւրաքանչիւր դէպք իր շրջագիծին մէջ պէտք է տեսնել, ու ըստ այնմ վերլուծում կատարել: Մրջիւնները ընդհանրապէս դրական օրինակ իբրեւ կը տրուին, մարդս մղելով աշխատասիրութեան, ու հաւաքական աշխատանքի պարագային պարկեշտութեան ու հաւատարմութեան: Սակայն, մէկ այլ երեսը նկատի առնուած է անոնց հետեւեալ դրուագին մէջ, ուր ի յայտ կու գայ՝ իր անձէն ու կեանքէն դուրս ոչինչ տեսնելու դժբախտ իրողութիւնը:
Դարձեալ ժողովրդային իմաստութեան կը վերագրուի այն դրուագը, ուր կ՛ըսուի, թէ սովորական ծորակի ջուրին բաց մնացած ըլլալուն հետեւանքով, մրջիւնին բոյնը ջուր լեցուէր է: Մրջիւնը կարելի ամէն միջոցներով լուր տարածեր է, թէ ջրհեղեղ է, ուստի պէտք է ըստ այնմ ահազանգ հնչեցնել ամբողջ աշխարհին…:
Ուրեմն, մրջիւնին համար իր բոյնին կարեւորութիւնը, ու իր անձին ապահովութիւնը բաւարար են, որ ամբողջ աշխարհին ջուրի տակ մնալուն վտանգը տեսնէ ան: Մրջիւնը չի՛ կրնար իր բոյնէն դուրս, իր աշխատանքի առօրեայ ճամբէն տարբեր, իր հացահատիկը ամբարելու հեւքէն զատ այլ պատկերացում ունենալ կեանքի: Իսկ ջուրը, որ իր բոյնը լեցուցած էր, խանգարած էր բնականոն իր կեանքը եւ զանիկա ճիշդ հունաւորումէն դուրս բերած: Ուստի, բնական սակայն անգիտակից անդրադարձ էր իր կատարածը, երբ ամբողջ աշխարհին ջուրի տակ մնալուն ահազանգը կը հնչեցնէր ան: Մրջիւններու աշխարհին մէջ չկայ մէկը որ վերէն նայելով այդ բոյնին, անդրադառնայ կատարուածին, ու հանգստացնելով մրջիւնը, ըսէ անոր.
_ Բայց ատիկա ջրհեղեղ չէ՜…:
Մարդկային կեանքն ալ վերոյիշեալ դրուագին մէջ շեշտուած նոյն նեղ մտածողութեամբ կ՛առաջնորդուի շատ յաճախ: Մրջիւնի խելքով մարդիկ այնպէս կը խորհին, թէ դժբախտութիւնները համընդհանուր բնոյթ ունին: Զգացականութեան պարագային կարելի է որոշ երեւոյթներ ընդհանրացնել: Օրինակ, ցաւալի դէպք եթէ ներկայացուի ժապաւէնի մէջ, նոյնիսկ գիտնալով որ դերասաններ են զայն խաղացողները, հանդիսատեսներէն ոմանք կրնան լալ: Այդ դէպքը այս պարագային ազդեցութիւն ունեցաւ իրարմէ տարբեր, եւ ազգականական կապ չունեցող մէկէ աւելի անձերու վրայ, որոնցմէ ո՛չ մէկուն հետ ազգականական կապ ունէր դէպքին զոհը, որ այս պարագային վարձուած դերասան ալ է:
Ջրհեղեղէն վախնալու եթէ պատճառներ ունիս, ուրիշները քու վախովդ վարակելու իրաւունքը չունիս: Դուն նախազգուշութիւններդ ա՛ռ, մինչեւ անգամ յաջորդ ջրհեղեղէն պաշտպանելու դուն քեզ եւ տունդ, սակայն քեզի պատահած դժբախտութեան պատճառով երկրագունդը սուգի մատնելդ նոյնիսկ ծիծաղելի կրնայ թուիլ ուրիշներուն:
Մրջիւնին անմտութիւնը մի՛ ընդօրինակեր, այլ տե՛ս թէ ինչպէս կրնաս շրջանցել այն դժուարութիւնը որ կեանքդ իր հունէն դուրս բերած է: