ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Յանուն խաղաղութեան» հիմնադրամը հրապարակած է «Ձախողած պետութիւններ»ու 8րդ տարեկան զեկուցումը, որուն համաձայն, Սոմալին 5րդ տարին ըլլալով կը պահպանէ առաջին դիրքը:
Կազմակերպութիւնը իր այս գնահատականը կը հիմնաւորէ այդ երկրին մէջ տիրող անօրինութեամբ, ոչ արդիւնաւէտ կառավարումով, ահաբեկչութեամբ, յանցագործութեամբ եւ ծովահէնութեամբ։
Լաւագոյն դիրքերու՝ այսինքն ցանկին վերջին տեղերը կը գրաւեն Ֆինլանտան, Շուէտը եւ Դանիան: Երեքն ալ ընկերային-տնտեսական շատ լաւ ցուցանիշներ ունին, կը յարգեն օրէնքներն ու մարդու իրաւունքները:
Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ լաւագոյնը կը նկատուի. անիկա 102րդ դիրքին վրայ է։ Տագնապ յարուցող երկիրներուն տուեալներուն աւելի մօտ են Թուրքիան՝ 85րդ դիրքի վրայ, Ատրպէյճանը 68րդ, Վրաստանը՝ 51րդ։
Այս զեկուցումին մէջ մեծագոյն անկումը կրած են Լիպիան, Սուրիան եւ Եգիպտոսը: Արաբական գարուն ապրած այս երեք երկիրներուն մէջ կացութիւնը վատթարացած է։ Հակառակ անոր որ յեղափոխականները տապալած են բռնապետները, սակայն ընդհանուր առմամբ այսպիսի իրադարձութիւններու պատճառով այդ երկիրներուն մէջ անկայուն վիճակ կը տիրէ։
Ղրղըզստանը դրական մեծագոյն ոստումը ապրած երկիրն է։ Անիկա իր դիրքերը բարելաւած է իշխանութեան կայուն փոխանցման եւ քաղաքական բարեփոխումներու պատճառով:
Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժն ու ծովաշարժը, որոնք ճգնաժամային կացութիւն ստեղծեցին, նոյնպէս բացասաբար ազդեցութիւն ունեցան երկրին վրայ։ Բայց եւ այնպէս Ճափոնը լաւագոյն 7 տոկոս երկիրներու շարքին վրայ կը մնայ։
Յունաստանը կը շարունակէ նահանջ արձանագրել տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով յառաջացած ընկերային մեծ ճնշման պատճառով:
Վերլուծութիւնը կատարուած է հիմնուելով ընկերային, տնտեսական, մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հրապարակայնօրէն հասանելի փաստաթուղթերու եւ վերլուծաբաններու կարծիքներու վրայ: