Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Երեւակայեցէք աշխարհը ա-ռանց ջուրի: Կարելի պիտի ըլլա՞ր արդեօք կենդանական եւ բուսական կեանքի գոյութիւնը առանց ջուրի: Աշխարհը ստեղծուած է հիմնուելով ջուրի կարեւորութեան վրայ եւ այդ իսկ պատճառով երկիրի

մակերեսին երկու երրորդը ծածկուած է ջուրով:
Դարեր շարունակ շատ մը երկիրներ պատերազմած են ի խնդիր ջուրի ակունքներու տիրապետութեան: Այսօր եւս նոյն մտահոգութիւնը կը տիրէ գրեթէ ամէն տեղ եւ ջուրը դարձած է բոլորին համար մահու կենաց հարց:
Ջուրը կազմուած է թթուածինէ (oxygen) եւ ջրածինէ (hydrogen):
Մեր մարմինին 72-75 տոկոսը կազմուած է ջուրէ, որ կը գրաւէ ներբջաջային (intracellular) եւ արտաբջիջային (extracellular) տարածքները: Ամբողջ ներբջիջային ջուրի քանակը արտաբջիջայինին կրկինն է: Արտաբջիջային ջուրին մեծ մասը կը գտնուի անօթներու (vessels) մէջ, իսկ մնացեալը անօթներէ դուրս՝ բաժին մը կը շրջապատէ բջիջները եւ մաս մըն ալ կը գտնուի աւիշին (lymph), ուղեղա-ողնածուծի հեղուկին (cerebrospinal fluid), քրտինքին, լորձունքին, լեարդի մաղձին (bile), յօդահեղուկին (synovial fluid) եւ մէզին մէջ:
Նորածինի մը ծանրութեան 82 տոկոսը ջուր է իսկ մէկ տարեկանին ան կը նուազի եւ կը հասնի 65-70 տոկոսի: Տղամարդոց մարմինինը համեմատաբար աւելի ջուր կը պարունակէ քան իգական սեռի մարմինը:
Միջին կշիռքով անձ մը իր մարմինին մէջ կ՛ունենայ 40 լիթր ջուր:
Մարմինի բջիջները կազուած են 75-90 տոկոս ջուրով, ուղեղը՝ 15 տոկոս, արիւնը՝ 80-82 տոկոս. ոսկորները՝ 22 տոկոս, իսկ մկանները՝ 75 տոկոս:
Մարմինի իւրաքանչիւր բջիջ, հիւսուածք, օրկան եւ համակարգ իր գոյութիւնը կը պարտի ջուրին:
Բուսական աշխարհի մէջ պտուղները եւ բանջարեղէնները ունին մօտաւորապէս 75 տոկոս ջուր, լոլիկը՝ 90 տոկոս, գետնախնձորը՝ 80 տոկոս, եգիպտացորենը՝ 70 տոկոս, իսկ հացը՝ 30 տոկոս:
Մարդ արարածը կրնայ ապրիլ չորս շաբաթ առանց կերակուր-սննդանիւթի. իսկ առանց ջուրի կրնայ դիմանալ միայն քանի մը օր, առաւելագոյնը՝ 7 օր: Հոս կը մէջբերեմ այն ծանօթ արտայայտութիւնը, որ մեզմէ շատեր կ՛ըսեն՝ «ծարաւութենէ պիտի մեռնիմ»:
Օդէն ետք ջուրը կարեւորագոյն նիւթն է մարդու կեանքի գոյատեւման համար:
Ջուրը մեր կեանքի աղբիւրն է: Մենք ինչ որ ենք մեծապէս կը պարտինք առաւելաբար մեր խմած ջուրին, քան թէ սննդանիւթերուն: Յայտնի բժիշկ մը ըսած է՝ «դուն հիւանդ չես այլ ծարաւ, մի՛ դարմաներ ծառաւութիւնդ դեղերով»:
Ուրեմն ջուրը մեր մարմինի եւ մեր գոյութեան զսպանակն է:
Ջուրը ունի հիմնական եւ շատ կարեւոր դերակատարութիւններ մեր մարմինի ընդհանուր առողջութեան, ինչպէս նաեւ բջիջներու, հիւսուածքներու, օրկաններու եւ համակարգերու բնականոն գոծունէութեան ու գոյատեւման:
Ջուրին դերակատարութիւնները մեր մարմինին մէջ հետեւեալներն են.
1. Կակուղ կը պահէ մարմինի զանազան օրկանները եւ հիւսուածքները, օրինակ՝ բերանը, աչքերը, քիթը, աղիքները.
2. Կը պաշտպանէ մարմինի օրկանները եւ հիւսուածքները արտաքին հարուածներէ.
3. Արգելք կը հանդիսանայ փորի պնդութեան եւ կը նպաստէ բնական կղկղանցումի (defica-tion)՝ պահելով աղիքները աւելի շատ շարժումի մէջ.
4. Աղիքներուն մէջ կը լուծէ կարգ մը մետաղներ, որպէսզի սննդանիւթերը հասնին մարմնի բոլոր բջիջներուն.
5. Կը կանոնաւորէ մարմինի ջերմութիւնը ջերմասպառութեամբ- ջերմատուութեամբ (heat dissipation).
6. Կը իւղոտէ յօդերը եւ կը կակուղցնէ լորձունքը.
7. Կը ձեռբազատէ երիկամները եւ լեարդը թունաւոր նիւթերէ եւ թափօններէ (waist products).
8. Կը նպաստէ մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակումին (metabolism) եւ բջիջներու վերանորոգման.
9. Կը նպաստէ մարմինի բոլոր բջիջներու թթուածինով եւ սն-նդանիւթերու հիմնական նիւթերով մատակարարման.
10. Առողջ կը պահէ մորթը, կը կակուղցնէ եւ կը փափուկցնէ զայն.
11. Կը նպաստէ մարմինի արտաքին տեսքին եւ վայելչութեան.
12. Կ՛արագացնէ արեան շրջագայութիւնը.
13. Կ՛օգնէ մարսողութեան եւ սննդանիւթերու ներծծումին (ab-sosbtion)՝ աղիքներու պատերէն.
14. Կը նպաստէ շնչառութեան, կը խոնաւցնէ ներշնչուած օդը.
15. Կը կակուղցնէ շնչառական խողովակներու խլնային (mucosal) արտադրութիւնը եւ կ՛օժանդակէ անոնց սահուն արտահանումիմ.
16. Մաս կը կազմէ սաղմնապարկի հեղուկին (amniotic fluid), կը պաշտպանէ սաղմը (fetus) եւ կ՛օժանդակէ անոր առողջ աճումին:
Վերոյնշեալ բոլոր դերակատարութիւնները, որոնք վերագրուած են ջուրին կ՛իրականան միայն ու միայն պահելով մարմինի ջուրի քանակը հաւասարակշռուած: Այս մէկը կ՛իրականանայ, երբ մարմինը նոյնութեամբ կը վերստանայ իր ջուրի կորուստը:
Մեր մարմինը բնական պայմաններու մէջ ամէն օր կը կորսնցէ մօտաւորապէս 2.5 լիթր ջուր: Այս կորուստը տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով.
Ա. Նշմարելի (visible) կորուստ, որ արդիւնքն է.
ա. Երիկամներու մէզի արտադրութեան, օրական մօտաւորապէս 1400 մլ.
բ. Կղկղանքին հետ արտահանուած ջուրը, օրական 100-200 մլ.
Բ. Աննշմարելի (invisible) կորուստ, որ արդինքն է.
ա. Մորթի մակերեսէն ջուրի շոգիացումին.
բ. Թոքերու թոքախորշիկներու (alveoli) մակերեսէն ջուրի շոգիացումին՝ շնչառութեան ընթացքին:
Այս երկու միջոցառումներով մարմինը կը կորսնցնէ մօտաւորապէս 900 մլ. ջուր:
Մարմինը բնական ձեւով գործելու համար պէտք է վերստանայ իր ամէնօրեայ ջուրի կորուստը:
Մեր մարմինը հիմնականօրէն ջուրի ինքնաղբիւր չունի: Անոր բուն աղբիւրն է մեր խմած ջուրը եւ սննդեղէններու մէջ գտնուած ջուրը: Մարմնական ընդհանուր նիւթափոխանակումէն արտադրուած ջուրը՝ մօտաւորապէս 200-300 մլ., կը նպաստէ մարմինի ջուրի պահանջքին: Ուրեմն բնական պայմաններու մէջ մարմինի 2500 մլ. ջուրի կորուստը հաւասարակշռելու համար պէտք է խմենք մօտաւորապէս 1200 մլ. ջուր եւ պէտք է սպառեենք այնպիսի սննդանիւթեր՝ բանջարեղէն եւ պտուղ, որոնք պարունակեն մօտաւորապէս 1000 մլ. ջուր:
Մեր խմած ջուրը եւ սննդեղէններու պարունակած ջուրը անցնելով բերանէն կ՛ուղուի դէպի որկոր, ստամոքս եւ հոնկէ մուտք կը գործէ բարակ աղիքներ, ուր ջուրին մեծ տոկոսը կը ներծծուի աղիքներու ներքին պատերէն եւ կ՛անցնի արեան շրջանառութեան (blood circulation) մէջ: Բարակ աղիքներու մէջ չներծծուած ջուրը կը հասնի հաստ աղք, ուր ջուրին որոշ մէկ տոկոսը կը ներծծուի հաստ աղիքի պատերէն եւ կը մտնէ դարձեալ արեան շրջանառութեան, իսկ մնացեալ փոքր մէկ տոկոսը մարմինէն կ՛արտահանուի կղկղանքով (feces):
Անբնական պայմաններու մէջ ջուրի նշմարելի կորուստ տեղի կ՛ունենայ նաեւ.
ա. Քրտնաբեր գեղձերէն քրտինքի արտադրութեամբ:
Քրտինքը կ՛արտադրուի, երբ մարմինը ջերմատուութեան կարիքը ունենայ մարզանքի եւ ֆիզիքական ծանր աշխատանքի ընթացքին, ինչպէս նաեւ ենթակայ ըլլալով միջավայրային բարձր ջերմաստիճանի:
Քրտինքը ջուրի կողքին կը պարունակէ նաեւ աղ:
Հետեւաբար քրտնելով կը կորսնցնենք երկուքը՝ աղ եւ ջուր, որոնց քանակը կախեալ է քրտինքի արտադրութեան պատճառներու տարողութենէն:
բ. Լորձունքի գեղձերէն լորձունքի արտադրութեամբ.
գ. Արցունքաբեր գեղձերէն արցունքի արտադրութեամբ.
դ. Սնանող (breast feeder) կիներու կրծքագեղձերէն (breast) կաթի արտադրութեամբ:
Հիւանդագին ջուրի կորուստ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
1. Փորհարութիւն.
2. Փսխունք.
3. Մորթային այրուածքներ, մանաւանդ՝ երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքներու պարագային.
4. Բարձր տենդ (fever).
5. Ծանր եւ երկարատեւ ֆիզիքական աշխատանք եւ մարզանք.
6 Տաք եղանակի եւ միջավայրի ենթակայութիւն:
Վերջին երեք պատճառներով ջերմականոնաւորման ընթացքին քրտնաբեր գեղձերը կ՛արտաթորեն (exerd) առատ քրտինք:
Հիւանդագին ջուրի կորուստը կը յառաջացնէ մարմնական ջրանուազում (dehydration), որ պէտք է հակակշռի հիւանդին առատ ջուր խմցնելով կամ ներերակային (intravenous) հեղուկ ներարկելով: æրանուազումի տարողութիւնը կախեալ է ջուրի կորուստի քանակէն: Չափահասներու մօտ անիկա կրնայ պատահիլ երեք լիթր ջուրի կորուստով:
Ջրանուազումի ախտանշանները հետեւեալներն են՝ յոգնածութիւն, գլխացաւ, գլխպտոյտ, մար-մնական տկարութիւն եւ ցաւ, բերանի եւ մորթի չորութիւն, յօդացաւ, փորի պնդութիւն, մէզի նուազում եւ գոց գունաւորում, երիկամներու բորբոքում, միզապարկի (urinary bladder) եւ երիկամներու քարերու կազմաւորում, զարկերակային ճնշումի (blood pressure) բարձրացում կամ նուազում, մարմինի նիւթափոխանակութեան դանդաղում, ջղագրգռութիւն, մտային դանդաղանք, կեդրոնացումի դժուարութիւն, շփոթութիւն, խօսելու դժուարութիւն, մթաքնութիւն, մահաքուն (coma) վիճակ եւ ծայրագոյն պարագային՝ մահ:
Այս ախտանշաններու տարողութիւնը կախեալ է ջրանուազումի քանակէն:
Տարեցները, անչափահասները եւ մանուկները շուտով կ՛ազդուին ջուրի կորուստով: Մանուկներ ջրանուազումով շատ արագ կ՛ունենան մարմինի ջերմաստիճանի բարձրացում, որ պատճառ կը դառնայ ուղեղային դանդաղումին:
(Շար. 1)