ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական կեդրոնին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրի մը համաձայն, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը խաւիար եւ տարբեր թանկարժէք նուէրներ կը տրամադրէ եւրոպացի պաշտօնատարներուն, եւրոպական մարմիններու մէջ աջակցութիւնը «գնելու» եւ ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու բնագաւառներուն մէջ Ատրպէյճանի աղէտալի վիճակը քննադատողները լռեցնելու համար:
«Խաւիարային քաղաքականութիւն» խորագրուած զեկոյցով կը նշուի, թէ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի բարեկամներու Պաքու այցերու ընթացքին, անոնց կը նուիրուին խաւիար, մետաքսէ գորգ, ոսկեայ, արծաթեայ զարդեր եւ նոյնիսկ կանխիկ գումարներ, որոնց շնորհիւ՝ անոնց ներկայացուցած տեղեկագիրներուն մէջ Ատրպէյճանի մենատէր իշխանութեանց կատարած խախտումները եւ ապօրինութիւնները «կը մոռցուին»:
Այս տեղեկագիրը վերջերս Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է ատրպէյճանական ընդդմադիրներէ կազմուած՝ «Ատրպէյճանի ժողովրդավարական միութիւն-Բրիտանիա» խմբակին կողմէ, որուն անդամները ատրպէյճանցի եւ եւրոպացի են:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «անհեթե»չ որակած է թանկարժէք նուէներու վերաբերեալ մեղադրանքները: