
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական օդուժին պատկանող «Էֆ. 4» տիպի ռազմական օդանաւ մը, որ ճամբայ ելած էր Մալաթիոյ օդակայանէն, Ուրբաթ, Յունիս 22ին զգետնուծ է սուրիական ուժերուն կողմէ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ սուրիական կողմը հաստատած է, թէ իր սահմանային ուժերը զգետնած են օդանաւը եւ ներողութիւն յայտնած են պատահարին համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը արտակարգ նիստի մը հրաւիրուած է՝ քննելու համար միջադէպը:
Թրքական եւ սուրիական փրկարար միացեալ աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի եղած է փրկել օդաչուն եւ անոր օգնականը: