
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկատուութեան, Յունիս 18ին Շանկհայի մէջ կայացած է բարեգործական հեղինակաւոր համերգ մը, որուն մասնակցելու նպատակով Չինաստան հրաւիրուած է Շարլ Ազնաւուր:
Յունիս 19ին, Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է Ազնաւուրի հանդիպումը շանկհայաբնակ հայութեան հետ: Դեսպան Արմէն Սարգսեան հիւրին ներկայացուցած է հաւաքին ժամանած շուրջ 20 երիտասարդ հայեր, որոնք զանազան հարցումներ ուղղած են իրենց մեծանուն հայրենակիցին:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ընթացքին, Շարլ Ազնաւուր խօսած է Հայաստանի, հայապահպանման հարցերուն մասին՝ կարեւոր համարելով երիտասարդութեան դերը մեր երկիրի կայացման եւ զարգացման գործին մէջ: