
ՄՈՍԿՈՒԱ.- ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր իր անհանգստութիւնը յայտնած է Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթի դանդաղ ընթացքին եւ յառաջընթացի բացակայութեան նկատմամբ:
Զանիեր Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող «Ապահովութեան օրեր» անունով ԵԱՀԿի մէկ համաժողովի շրջագիծին մէջ, ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած է, թէ կայ աճող մտահոգութիւն, քանի որ կ՛աճի սրտնեղութիւնը այն բանին համար, որ ոչինչ ընել կարելի է»:
Ըստ անոր, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը շատ լուրջ քաղաքական ջանքեր գործադրած է: Ան նաեւ բարձր գնահատած է այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի գործունէութիւնը:
«Կողմերը շատ մօտ էին համաձայնեցնելու հիմնարար սկզբունքները, որոնց հիման վրայ ալ պիտի կառուցուէր որոշումը, սակայն յառաջընթաց չկայ», նշած է Զանիեր՝ մտահոգիչ նկատելով Արցախ-Ատրպէյճան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններուն վրայ զինեալ միջադէպերուն աճը:
«Տագնապելու պատճառներ կան: Մենք փորձեցինք առաջարկել վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններ, զինադադարի դրութեան հզօրացում, միջադէպերու հետաքննութեան միջոցներ: Այս կամ այն պատճառով կողմերէն մէկը կը խոչընդոտէ այդ նախաձեռնութիւնները: Ամէն ինչ շատ քաղաքականացուած է. եթէ կողմերէն մէկը կը համաձայնի բանի մը, ապա միւս կողմը կը նկատէ, որ ատիկա վատ նախաձեռնութիւն է: Քեզմէ անկախ հարց կու տաս, որ խնդիրը առաջա՞րկն է, թէ պարզապէս կողմերը պատրաստ չեն որոշ փոխադարձ զիջումներ պահանջող նախաձեռնութիւններու», ըսած է ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարը:
Ըստ անոր, այս բարդ իրավիճակին առնչութեամբ ԵԱՀԿը ներկայիս կ՛աշխատի երկու երկիրներու խորհրդարաններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ՝ փորձելով պայմաններ ստեղծել, որպէսզի կառավարութիւնները աւելի շահագրգիռ ըլլան տագնապը լուծելու:
Նոյն համաժողովի մասնակցող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին յայտնած է, թէ Ամերիկան՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր, հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման հարցով՝ ամենաբարձր մակարդակով կողմերուն աջակցելու իր յանձնառութեան:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ հակամարտութեան կարգաւորումը տակաւին տեսանելի չէ, Մինսկի խմբակը ապացուցած է, որ ինք կենսական կարեւորութիւն ունի՝ պատերազմը կանխարգիլելու եւ կողմերը խաղաղութեան մօտեցնելու առումով», ըսած է Ռուպին: