
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկարատեւ քննարկումներէ ետք, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը Հինգշաբթի, Յունիս 28ին՝ իր այս նստաշրջանի վերջին օրը, կարեւոր յաղթանակ մը շնորհեց նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ առաջ մղուած առողջապահութեան մարզը բարեկարգելու ընդարձակ ծրագիրին՝ հակասահմանադրական չնկատելով անոր խնդրայարոյց այն կէտը, որ իւրաքանչիւր քաղաքացիէ կը պահանջէ առողջապահական ապահովագրութիւն ունենալ մինչեւ 2014 թուական: Մինչ չորս դատաւորներ դէմ քուէարկեցին անոր, մնացեալ 5ը անոր ի նպաստ քուէարկեցին:
26 նահանգներ, օրէնքի այս կէտը հակասահմանադրական նկատելով՝ դատ բացած էին կառավարութեան դէմ:
Սակայն, ատեանը նահանգներու իրաւանց ոտնակոխում համարեց նոյն օրէնքին այն կէտը, որ կը պահանջէ նահանգներէն զգալիօրէն ընդարձակել չքաւորներու տրամադրուող «Մետիքէյտ» առողջապահական սպասարկութիւնը: