
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին յայտարարութիւններ ըրաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հիմնարկութեան 20ամեակին առթիւ Պոլսոյ մէջ կայացած համագումարին առնչութեամբ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիա այս համագումարին մասնակցելու հրաւիրած էր նաեւ Հայաստանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը, քանի որ Հայաստան եւս կ՛անդամակցի անոր, բայց Հայաստան համագումարին մասնակցեցաւ արտաքին գործոց փոխնախարարի մակարդակով:
Լրագրող մը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կիւլին յիշեցուց, որ սահմանները փակ են Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ, իսկ այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի է տնտեսական համագործակցութիւն իրականացնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ։ Այս հարցումին պատասխանելով՝ Կիւլ բացատրեց, թէ Սեւ ծովեան կազմակերպութիւնը հիմնելու ընթացքին, Անգարա անդամակցելու հրաւիրեց ոչ միայն այն երկիրները, որոնք Սեւ ծովու վրայ ափ ունին, այլ նաեւ անոնք, որոնք ուղղակի կապ չունին Սեւ ծովուն հետ։ Ասոնցմէ մէկն է Հայաստանը: «Բարի կամեցողութեան շրջագծով, Հայաստան եւս հրաւիրուեցաւ այս կազմակերպութեան անդամակցելու եւ հիմա Հայաստան անոր անդամ է։ Այսօր խօսեցանք Հայաստանի ներկայացուցչին հետ։ Դժբախտաբար, մեր միջեւ կան կարգ մը հարցեր՝ անհամաձայնութիւններ։ Տենդագին աշխատանք կը տանինք, որպէսզի հարթուին բոլոր այս անհամաձայնութիւնները։ Որքա՛ն յաջողինք այս անհամաձայնութիւնները լուծել եւ ստեղծել վստահութեան մթնոլորտ, այնքա՛ն կ՛աշխուժանայ տնտեսական համագործակցութիւնը», ըսաւ Կիւլ։
Ապա ան աւելցուց. «Չենք կրնար անգոյ նկատել այն հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին։ Եւ որպէսզի լուծենք զանոնք, բոլորս ալ պէտք է աշխատինք բարի կամեցողութեամբ։ Այսպէս է որ կրնանք հողատարածքը վերածել երջանիկ հողատարածքի մը, ուր փոխադարձ ներդրումներ կը կատարուին, ուր լրիւ կը գործեն ցամաքային կամ երկաթուղային կամ օդային ճամբաներ։ Մեր նպատակը ա՛յս է։ Ինչպէս ըսինք՝ խնդիրներ կան։ Բայց այդ խնդիրները լուծելու բարի կամեցողութիւնն ալ ունինք։ Կը յուսամ, որ այս ժողովները կը ծառայեն նաեւ այդ նպատակին»։
Կիւլ դիտել տուաւ, որ կազմակերպութիւնը ունի 12 անդամներ եւ Թուրքիա գոհ է, որ Հայաստան կ՛անդամակցի այդ կազմակերպութեան։ «Հայաստանն ալ, ինչպէս անդամակցող բոլոր երկիրները, հոս պարզեց իր տեսակէտները։ Ինչպէս ըսի՝ որքա՛ն բոլորս բարեացակամ ըլլանք իրարու նկատմամբ եւ ճիգ վատնենք առկայ խնդիրներէն փրկուելու համար, այնքա՛ն հողատարածքը կ՛աշխուժանայ առեւտրական գործակցութեան տեսակէտէն», եզրակացուց Կիւլ։