
ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Հինգշաբթի, Յունիս 28ին յայտնեց, թէ Յունիս 18ին, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Փարիզի հանդիպումին, որուն մասնակցած էին նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները, կողմերուն նոր առաջարկներ չեն ներկայացուած:
«Մենք կը շարունակենք բանակցային գործընթացը, սակայն կը փափաքէինք աշխատիլ խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրի վերջնական տարբերակին վրայ: Համանախագահները տարածաշրջան պիտի ժամանեն Յուլիսի կէսերուն՝ հակամարտող կողմերուն հետ բանակցութիւնները շարունակելու համար», նշեց Մամետեարով: