
ԵՐԵՒԱՆ. «Երկիր».- Հայաստանի Պետական եկամուտներու վարչութեան 4 ներկայացուցիչներ Հինգշաբթի, 28 Յունիսին, կէսօրէն առաջ ժամը 11:50ին, մտած են «Սիւիլիթաս»ի գրասենեակ՝ ստուգելու համար հիմնադրամի 2008-2012թթ. գործունէութիւնը: Այնուհետեւ հիմնադրամի հաշուապահական գործունէութիւնը իրականացնող «Պարադիգմա Արմէնիա» ընկերութեան տնօրէն Վահէ Ղաւալեանի հետ հարկային տեսչութեան ներկայացուցիչները գացած են «Պարադիգմա Արմէնիա»՝ փաստաթուղթերու ստուգումը տեղւոյն վրայ իրականացնելու համար: