ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէնէն փոքր տարիքի մանուկին ալ հարց տրուին թէ ապագային երբ մեծնայ ի՞նչ կ՛ուզէ ըլլալ, ծնողներու տուած ուղղութեան համաձայն անպայման որեւէ փափաք կը յայտնէ: Նոյնիսկ այն երեխաները որոնք իրենց ուսերը թօթուելով չեն ուզեր այս հարցումին պատասխանել, գէթ այդ պահուն կը մտածեն ապագային իրենց նախասիրած ճիւղին մասին: Յանկարծ անոնցմէ մէկը կը պատկերացնէ բանակի հրամանատարութիւն ստանձնելը, կամ օդաչու ըլլալը, գեղեցիկ ու մեծ արագութեամբ սուրացող ինքնաշարժի տէր դարձած ըլլալը, կամ երեւակայական այլ դիրքեր՝ արբանեակային աշխարհի մէջ կայաններու տէր ըլլալը եւ ուրիշ գերմարդկային զօրութեանց տիրացած ըլլալը:
Վերոյիշեալ բոլոր օրինակները մարդկային բնական ձգտումներ են, որոնք մանկական միտքին երեւակայական թռիչքէն կը մղուին, եւ նոյնիսկ ապագային պատճառ կը դառնան մարդուն կողմէ կատարուած տարբեր գիւտերու: Վստահաբար անցնող դարու մանուկներէն շատերուն երեւակայութեան մէջ յայտնուած էր մարդուն թռչելու կարողութիւնը, երբ տակաւին չկային օդանաւերը: Մարդը բնութեան մէջ գտնուող թռչնազգիները դիտելով, բնական մղումով ցանկացած կրնայ ըլլալ անոնց նման վերեւէն ճախրել եւ բարձրէն դիտել աշխարհը: Այդ կարողութիւնը ո՛չ միայն իրականութիւն դարձած է այսօր, այլ այդ գիւտը աշխարհի տարբեր ցամաքամասերն ու երկիրները իրարու մօտեցուցած ամէնէն արագ եւ ապահով փոխադրամիջոցը դարձած է:
Ուրեմն, երեւակայելը, ապագայի համար տեսիլք ունենալը, աւելի բարձրին ձգտիլը ու այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլը, մարդկային ներքին բնական մղումներ կը նկատուին: Սակայն հոս եւս տրամաբանութիւնը պէտք է գործէ: Կարելի չէ՛ անկարելին կարելի դարձնելու համար ժամանակ վատնել: Երեւակայութիւնն ալ որոշ տեղ, պէտք է իրականութիւն դառնալու յոյսի նշոյլ ունենայ: Օրինակ, կարելի չէ երեւակայել փայտէ այնքան երկար գաւազան պատրաստել դարեր ամբողջ ծառ աճեցնելով, որով կարելի ըլլայ ապագային երկրէն մինչեւ անջրպետ, աստղերուն դպչիլ…: Սա կրնայ մանկական հեքիաթներու նիւթ հայթայթել, սակայն չի՛ կրնար գիտականօրէն բացատրուիլ, ո՛չ ալ իրականութիւն դառնալ:
Մանուկներու երեւակայութեան մէջ, դարձեալ, թեւեր հագած թռչելու գաղափարը միշտ եղած է: Մանաւանդ երբ անոնք այսօր գծանկարային կամ համակարգչային տեսաժապաւէններ կը դիտեն, ուր իրենց հերոսները մեծ բարձունքներէ կը թռչին, եւ ո՛չ միայն գետին իյնալով չեն վնասուիր, այլ օդին մէջ իրենց հակառակորդներն ալ կը պատուհասեն, ուրեմն իրենց երեւակայութիւնը շատ աւելի թափ կը ստանայ՝ թռչելով փոխադրուելու այլ տեղեր: Այս ալ որոշ չափով իրականութիւն դարձած է երբ լեռներու կատարէն օդընկէցներ բարձրաթռիչ ճախրանքով վար կու գան, եւ նոյնիսկ իրենց ամրացած թեւերը աջ ու ձախ շարժելով, իրենց վայրէջքին ուղղութիւնը կը յաջողին փոխել: Կը պատահի անշուշտ, որ անոնք երբեմն ելեկտրական թելերուն դպչելով արկածի հանդիպին, սակայն ընդհանրապէս ամէն նախազգուշութիւն ձեռք կ՛առնեն, հեռանալով վտանգներէ:
Վերեւը ըսուածներուն մէջ ամէնէն կարեւորը այն էր, թէ երեւակայութիւնն ալ սահման ունի, եւ անոր սահմանագիծը դնողը, մարդկային տրամաբանութիւնն է: Բայց, ֆիզիքական կոյրերէն, հոգեկան կոյրերէն ու մտային կոյրերէն բացի, կան նաեւ տրամաբանութեամբ կոյրեր, որոնք իսկապէս խեղճ անձեր պէտք է համարէ մարդկային ընկերութեան մէջ, որովհետեւ իրենց եղածէն աւելին կը տեսնեն իրենց անձը: Սա ողբերգութիւն է, երբ մարդ իր անկարող ըլլալը առանց իմանալու, ամենակարողին հետ կ՛ուզէ չափուիլ…:
Առակախօս բարեկամս կ՛ըսէր. կատուն ինչքան ալ մեծնայ, ինչ տեսակ միս ու իւղ ուտէ, ինչքան ալ մկան ու բուրդ աճեցնէ, վագր չի՛ կրնար դառնալ, այլ կատու պիտի մնայ…: Պարսկական առածը կ՛ըսէ. «Կատուին մեծութիւնը ի՞նչ է, որ անոր գլուխով պատրաստուած խաշը բաւարար ըլլայ»:
Կատուն բոլորս ալ կը ճանչնանք: Այո՛, ապերախտ, սակայն ո՛չ նախայարձակ, ո՛չ ալ վախազդու, այլ ընտանի կենդանի է: Ասոնց ամէնէն փողոցային տեսակը, որ աղբի տակառներէն չի՛ հեռանար, հազիւ մարդու ոտնաձայն առած, նոյնիսկ փքոցներ արձակելէ եւ ճանկ ցոյց տալէ ետք, ի վերջոյ արագասոյր կը հեռանայ այդ վայրէն, վախի ազդեցութեան տակ: Ո՛չ մէկ ատեն անոնցմէ մէկը կ՛երեւակայէ վագրի դերակատարութիւնը ստանձնել, մնալ իր տեղը, կամ նախայարձակ դառնալ, զինք խանգարող մարդը յօշոտելու հեռանկարով:
Իրական կեանքի մէջ ալ նոյնն է կացութիւնը: Ոմանք պարզապէս իրենց տեղը ու դերը չեն ճանչնար մարդկային ընկերութեան մէջ: Փոքր պաշտօն ստանձնելէ ետք, երկնային պատգամին՝ «ով որ փոքրին մէջ հաւատարիմ է, աւելի բարձր պաշտօնի վստահելի պիտի նկատուի» (Հմմտ. Մտ 25.21), գործադրողը կը դառնան: Բարեկա՛մ, ատիկա երկնային վարձատրութիւն է, զոր դուն ինքդ պիտի չշնորհես դուն քեզի: Ատիկա երկինքէն պիտի տրուի, համաձայն քու կարողութիւններուդ: Քու պարտականութիւնդ միայն քեզի տրուածը լա՛ւ կատարելուն, ու իր աւարտին հասցնելուն մէջ է: Իր անձը աւելի բարձրին արժանի համարողներ, յաճախ յուսահատած ու ի վերջոյ յուսալքուած են:
Այսպիսի անձեր կարելի է նմանեցնել սովորական բնութեամբ կատուի, որ իր նպատակակէտը դարձուցած է ի վերջոյ վագր դառնալ: Ինչքա՜ն ծիծաղելի է այն կատուն որ իր բնութիւնը չի՛ ճանչնար: Իսկ ինչքա՜ն աւելի ծիծաղելի է այն մարդը, որ իր կարողութեանց սահմանագծումներէն անտեղեակ է…:
Նոյն բարեկամս, տեսնելով մէկուն անիմաստ տեղը բարձրանալու ձգտումը, գլուխը ճօճելով ըսաւ.
– Յետոյ ի՞նչ, բարեկամ, կատուն վագր կը դառնա՞յ:
Մարդ իր անձը ծիծաղի առարկայ չդարձնելու համար, լաւագոյնը պիտի ըլլայ, որ ան իր կարողութեանց չափը իմանայ: Եթէ սահմանափակուած են կարողութիւններդ միայն կատուի ոյժի շրջագծին մէջ, երբեք վագրի մորթ հագնելով անտառ մի՛ մտներ, որովհետեւ գուցէ գզվռտոցի պահուն մորթդ պատռուի, եւ իմանան կատուի բնութիւնդ ու անտառի գազանները հաւաքուելով յօշոտեն քեզ:
Կատուն վագր չի՛ դառնար: Ասկէ աւելի պարզ հաստատում կարելի չէ՛ գտնել, համոզելու համար ոմանք: Ուրեմն, ինչքան ալ երեւակայութեանդ թռիչք տաս, պահէ զանիկա տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ: Իսկ կարողութիւններուն քննութեամբ, համեստութիւնը ունեցիր վերելքի աստիճաններուդ ամէնէն բարձրը գտնելու, եւ անկէ անդին մի՛ անցնիր, որպէսզի վար իյնալով չխորտակուիս: Մի՛ մոռնար, որ կատուն երբեք վագր չի՛ դառնար, ինչքան ալ պարարտացնող մսեղէն ուտէ, կամ իւղալի պատառներ ծամէ կլափին շարուած սրածայր ատամներով…: