
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Յունիս 29ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանի նիստին ընթացքին երեսփոխան Քանիրա Փաշայեւա առաջարկեց օրէնք մը վաւերացնել՝ առանց Պաքուի արտօնութեան Լեռնային Ղարաբաղ այցելող անձերուն վերաբերեալ:
«Վերջին տարիներուն, Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքները, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղ, անօրինական այցեր կը կատարեն շարք մը երկիրներու խորհրդարանականներ, քաղաքագէտներ, գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Անոնք կը մասնակցին տարբեր միջոցառումներու կամ կը հետեւին այսպէս ասած՝ «ընտրութիւններ»ու, ապա Ատրպէյճանի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող այդ տարածքներուն մէջ հանդէս կու գան անհիմն յայտարարութիւններով՝ խախտելով միջազգային իրաւական օրէնքները: Բնականաբար, պաշտօնական Պաքուն այդ մարդիկը «անբաղձալի անձ» կը յայտարարէ», ըսած է ան: