ԱԽԱԼՑԽԱ.- 4 Յուլիսին Ախալցխայի «Ժողովրդավար Մեսխերի Միութեան» գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի աշխատակիցներուն եւ Ախալցխայի հայ ազգաբնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են բազմաթիւ հարցեր, որոնք կարգին՝ հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներու ոտնակոխումը Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ, հայկական կազմակերպութիւններու հեղինակութիւնը ժողովուրդին մօտ, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններուն աշխուժութիւնը՝ հայերու իրաւունքներու խախտումներուն արձանագրման եւ խնդիրներու լուծման աշխատանքին մէջ:
Հանդիպման մասնակիցները նշած են, որ Ախալցխայի մէջ կան ընդամէնը երկու գործող կազմակերպութիւններ, որոնք կրթամշակութային գործունէութիւն կը տանին, իսկ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութեան չկայ Ախալցխայի մէջ, որովհետեւ կարելի չէ նման կառոյց պաշտօնապէս արձանագրել այս տարածքին մէջ։
Ներկաներուն համաձայն, երկու տարի առաջ հայկական կազմակերպութիւն արձանագրելու փորձ կատարուած է, սակայն այդ գործընթացը բաւական երկար տեւած է, ձգձգուած է, իսկ աւելի ուշ մերժուած է։ Մտահոգիչ է նաեւ պարագան հայկական եկեղեցիներուն, որոնք մինչեւ օրս չեն վերադարձուած իրենց իսկական տէրերուն:
Վրաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի աշխատակիցներուն համաձայն, իրենք կը փորձեն գործադրել նոր ծրագիր մը, որուն ծիրին մէջ խորհուրդներ եւ տեղեկութիւններ պիտի տրուին ոչ կառավարական տարբեր կազմակերպութիւններու՝ ըլլան անոնք փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով զբաղող թէ այլ ուղղուածութիւն ունեցող: