
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Յուլիսին ընդունած է Ստեփանակերտ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա)։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, նախագահ Սահակեան համանախագահներուն հետ քննարկած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման մեծագոյն խոչընդոտը Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած ապակառուցողական քաղաքականութիւնն ու բանակցային խեղաթիւրուած ձեւաչափն է: Այս առումով ան կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝ շարունակելու իրենց աշխատանքը՝ Ատրպէյճանը կառուցողական հունի մէջ դնելու եւ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը վերականգնելու նպատակով:
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեանը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
Ստեփանակերտէն «Ազատութիւն» կայանի թղթակից Լուսինէ Մուսայէլեան կը տեղեկացնէ, որ
«ԵԱՀԿ Մինկսի խմբի համանախագահները Ստեփանակերտում այսօր կրկին յայտարարեցին, թէ բանակցութիւնների «որոշակի փուլում» Լեռնային Ղարաբաղը կը միանայ բանակցային գործընթացին՝ առանց կոնկրետ ժամկէտ նշելու»:
Մուսայլեան կը շարունակէ մէջբերելով ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովի խօսքերը. «Ես կարող եմ ենթադրել, որ երբ սկսուի առարկայական աշխատանքը խաղաղութեան համաձայնագիրի վրայ, բանակցող կողմերի ֆորմատը կարող է ընդլայնուել»:
Այսօր համանախագահները կը ժամանեն Երեւան: