«ՄԱՐՄԱՐԱ».- «Թուրքիյէ» թերթին մէջ հրատարակուած լուր մը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ պնդելով, որ հայերը այս անգամ ալ կը ջանան գողնալի «տոլման»։
Ինչպէս որ հելլենները երկար տարիներէ ի վեր կը ջանան գողնալ մեր մշակոյթը, այդպէս ալ հայերը այժմ կը պատրաստուին «Տոլմա»ի փառատօն մը կազմակերպելու՝ «տոլմա»ն ներկայացնելով որպէս «հայկական ճաշ»։ Լրատուութեան մէջ կը պնդուի հետեւեալը. ինչպէս որ պուլկարները գողցան մածունը եւ թանը, եւ ինչպէս որ հելլենները գողցան պաքլաւան եւ «տէօները», հայերն ալ հիմա տէր կանգնեցան «գատայըֆ»ին եւ տերեւի տոլմային։ Հայաստանի խոհանոցի պահպանութեան եւ զարգացման անունով Սարդարապատի յուշարձանին առջեւ 11 Յուլիսին պիտի բացուի հայկական ճաշերու եւ տոլմայի միջազգային փառատօն մը։ Այս նպատակով հրաւէր ուղղուեցաւ մեծ թիւով խոհարարներու։
Սեդրակ Մամուլեան այս մասին լուսաբանութիւններ ընելով՝ ըսաւ. «Տոլման ամբողջովին հայկական ուտելիք է։ Ոչ մէկը մեր խոհանոցը գողնալ թող փորձէ։ Տոլման ի՞նչպէս կրնայ պատկանիլ ուրիշ ազգի մը»։