«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Պաթմանի «Չաղտաշ» թերթը հաղորդած է, որ Հայերը կը պատրաստուին ուխտագնացութեան երթալու 2973 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հայկական Մերեթօ )Մարաթուկ) վանքը։ Այս ուխտագնացութիւնը պիտի կատարուի 28 Յուլիսին։ Փուրշենկի բարձունքի բնակիչներուն հետ միասին, հայերը ամէն տարի կը կատարեն ուխտագնացութիւն մը։ Այս տարուան ուխտագնացութիւնը պիտի զուգադիպի իսլամներու «Ռամազան»ին։ Ազիզ Տաղճը ըսած է, որ այս ուխտագնացութիւնը պիտի կատարուի բաւական դժուար մագլցումով մը, բայց անպայմա՛ն պիտի կատարուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.