ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- Լեռնային Ղարաբաղի զօրամասերէն մէկուն մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Մովսէս Յակոբեան ներկայացուցած է կարգ մը վիճակագրական տուեալներ: Ան դիտել տուած է, որ այս տարուան առաջին կիսամեային հակառակորդի կողմէ զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք զոհուած են երկու զինուորական ծառայողներ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած ութ զոհի դիմաց:
Համածառայակիցին կողմէ սպաննուած է մէկ զինուորական ծառայող, մինչ նախորդ տարի նման դէպք չէր արձանագրուած: Այս տարի զինուորական ծառայողի նկատմամբ բռնարարքի գործադրութեան պարագայ չկայ։
Ըստ ԼՂՀ ՊԲ հրամանատարին, ֆիզիքական վնասուածքներու քանակը նուազած է. նախորդ տարի ֆիզիքական վնասուածք հասցնելու 79 դէպք եղած էր, իսկ այս տարի արձանագրուած է 51 դէպք: Արցախի բանակին մէջ արտակարգ դէպքերու թիւն այս տարուան առաջին կիսամեակին նուազած է, սակայն բարձրացած է անձնասպանութիւններուն թիւը: Արդարեւ, նախորդ տարուան առաջին կիսամեակին անձնասպանութեան մէկ դէպք արձանագրուած էր, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին արդէն չորս դէպք տեղի ունեցած է։ «Ինքնասպանութիւնները ծնող պատճառներից կարող է լինել այն, երբ ստեղծւում է մի տխուր իրավիճակ, որտեղ զինծառայողը տեսնում է, որ ինքն այլեւս ի վիճակի չէ դրա դէմ պայքարել ու դիմում է ինքնասպանութեան: Միւս պատճառը կարող է լինել զինծառայողի հոգեպէս անպատրաստ վիճակը, երբ նա հոգեբանօրէն պատրաստ չէ ծառայութեան, չի կարողանում դիմակայել խնդիրներին, չի դիմում վերադաս հրամանատարին՝ հարթելու իրավիճակը եւ ելքը տեսնում է ինքնասպանութիւն գործելու մէջ: Եւ ամենավտանգաւորն այն է, որ չկայ վստահութիւն հրամանատարների նկատմամբ: Զինծառայողը վստահ չէ, որ դիմելով ղեկավարութեանը՝ կոնկրէտ այդ իրավիճակում կարող է նա օգնել, փրկել իրեն», ըսած է Մովսէս Յակոբեանը: