
«Փարաճանով՝ Գեղեցիկի Սիրահարը» միջազգային նախագիծ հանդիսացող նոր գեղարուեստական ժապաւէնի նկարահանումները աւարտեցան Լվովի (Ուքրանիա) մէջ: Ֆիլմի նկարահանման աշխատանքները սկսած էին Մայիս 1ին՝ Թիֆլիսի մէջ:
«Աւարտելով նկարահանումները եւ կարծես հեռուէն դիտելով կատարուած աշխատանքը՝ վստահ եմ, որ այնքան հարուստ նիւթ հաւաքուած է, որ շատ դժուար պիտի ըլլայ ֆիլմի համադրումը», Փարիզէն յայտնած է ֆրանսահայ բեմադրիչ եւ դերասան, ֆիլմի համաբեմադրիչ Սերժ Աւետիքան, որ ֆիլմին մէջ կը մարմնաւորէ Փարաճանովը:
Ըստ Սերժ Աւետիքեանի, նկարահանումները կատարուեցան Վրաստանի, Փարիզի, Քիեւի եւ Լվովի մէջ. նկարահանումներու ընթացքին ժապաւէնի բոլոր դերակատարները յատուկ վերաբերում ունէին Փարաճանովի հզօր եւ յագեցած կերպարի ազդեցութեան նկատմամբ:
Բեմադրիչին համաձայն՝ այս ֆիլմին մէջ մարդիկ պիտի յայտնաբերեն բոլորովին նոր երեւակայութիւն մը եւ նոր պատկերացում մը պիտի ունենան ֆիլմի գլխաւոր հերոսին մասին:
Ժապաւէնի երաժշտութեան հեղինակը ֆրանսացի Միշել Կարսկին է:
«Փարաճանով՝ Գեղեցիկի Սիրահար»ի համադրման (editing) աշխատանքները պիտի սկսին Սեպտեմբերին: Ֆիլմը պիտի յանձնուի հանդիսատեսներու դատին 2013ի Քաննի փառատօնի ընթացքին: Ֆրանսական «Արթէ» ալիքը արդէն գնած է զայն հեռարձակելու իրաւունքը: