ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հայերէն լեզուի մասնագէտներ կրնան թերեւս սխալ կառոյց տեսնել այս խրատ վերնագիրին մէջ քերականական իմաստով, սակայն թէ՛ իրարու տարեկից եւ թէ մեծերուն կողմէ փոքրերուն յաճախակի տրուած խրատ էր այս, մօտիկ անցեալին: Ասոր հետեւող ուրիշ

խրատներ ալ կային, ինչպէս՝ «խելքդ աշխատցո՛ւր», «արթնցի՛ր» եւայլն: Բոլորին պարագային ալ բացայայտ է, ենթական սխալ իր ընթացքէն հրաժարեցնելով, ճի՛շդ ուղղութեան բերելու բարի ցանկութիւնը:
Կրկնութեան գնով պէտք է ըսել, թէ «Սեւը սապօնն ի՞նչ անի, խեւը խրատն ի՞նչ անի» հայկական առածը երբեմն այնքան կը յարմարի, որ կ՛ըսես՝ ճի՛շդ այս անձին համար ըսուած է ատիկա անցեալին: Ոմանք իրենց մանուկ տարիքին հարկ եղած դաստիարակութիւնը
ստացած չըլլալուն, մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը կը կրեն, ծնողներու թերի թողած կրթութեան հետեւանքները:
Բնական ընթացքով, մարդուն մարմինին հետ, պէտք է նաեւ խելքը աճի, կամ «մեծնայ», համաձայն վերնագիրի խրատին մէջ արտայայտուած մտածումին: Բացի որոշ պարագաներէ, երբ խանգարումներ տեղի ունեցած կրնան ըլլալ յղութեան շրջանին, խելքը տարիքին
հետ միասին պէտք է աճի: Վերոյիշեալ թերութեանց պարագային, մարմինը կ՛աճի, սակայն խելքը կը մնայ մանկական: Հանդիպած ենք միջին տարիքի մարդոց, այր թէ կին, որոնք սակայն եօթ տարեկան մանուկի ուղեղ ունին: Օրինակ, կարելի է զանոնք հրճուեցնել
քաղցրեղէններ տալով, կամ խաղալիքներով կարելի է զբաղեցնել զիրենք, եւ անոնց դէմքերուն վրայ տեսնել ճիշդ այն ուրախութիւնը, որ նոյն խաղերը խաղալով կ՛ունենան եօթ տարեկան մանուկները: Բնականաբար ինչքա՜ն մեծ դժբախտութիւն է ասիկա անոնց
ծնողներուն համար, որոնք ամէն վայրկեան իրենց դիմաց պիտի տեսնեն տարիքով մեծցած, բայց խելքով փոքր մնացած իրենց զաւակները:
Մասնաւոր այս պարագաներէն կը տարբերին անշուշտ անոնք, որոնք հակառակ առողջ ու բնական ծնունդ ըլլալուն, հասուն տարիքի հասած ըլլալուն, նոյնիսկ ամուսնացած, ընտանիք կազմած եւ զաւակներ ունեցած ըլլալուն, տակաւին չեն կրցած իրենց խելքը մեծցնել:
Տարբեր պատճառներ կրնան ըլլալ այս կացութեան տուն տուող: Ոմանք կը մեղադրեն անոնց ծնողները, ըսելով թէ չեն կրցած հարկ եղած կրթութիւնը տալ իրենց զաւակներուն, փոքր եղած ժամանակ: Ուրիշներ կը մեղադրեն այդ երեխաներուն շրջապատը, ըսելով թէ
անոնք վատ միջավայրի մէջ մեծցած ըլլալով, սխալ դաստիարակութիւն ստացած են, եւ հետեւաբար չեն կրցած իրենց խելքը մեծցնել ատենին: Երրորդ եւ ամէնէն աւելի հիմնաւորուած պատճառը, որ շատեր կու տան այս կացութեան համար՝ ամբարտաւանութիւնն է: Այս
տեսակէտը առաջադրողներ եւ այս գաղափարին վրայ պնդողներ կ՛ըսեն, թէ ամբարտաւան մարդը բնա՛ւ չի կրնար իր խելքը մեծցնել: Այսպէս, սովորական վիճաբանութեան մէջ, ուր գիտէ՛ թէ ինք յանցաւոր է, չի՛ կրնար ընդունիլ սխալական ըլլալը, այլ՝ կը շարունակէ
ուրիշին մօտ սխալ յայտնաբերելու ամուլ աշխատանքը: Պատկերացուցէ՛ք թէ ինչքա՜ն կը բարկանայ անիկա, երբ մտերիմներ անկեղծութեամբ մօտենան ու բարեկամաբար ըսեն իրեն.
_ Խելքդ մեծցո՛ւր:
Բայց ամէն մարդու գործ չէ՛ խելքը մեծցնելը: Մանկավարժներ ինչքա՜ն ուսման կը հետեւին, յետոյ քանի՜ տարիներ փորձառութիւն ձեռք բերելու համար կ՛աշխատին, պարզապէս երեխաներուն սորվեցնել կարենալու համար, թէ ինչպէ՞ս պէտք է իրենց խելքը մեծցնեն:
Մանկավարժներ յաճախ դիտմամբ վէճ կը յառաջացնեն մանուկներու միջեւ, որպէսզի այդ վէճին յառաջացուցած խնդիրներով հակակշռեն երկուքին մէջ կազմաւորուող անհատականութեան սխալ երեւոյթները: Որովհետեւ այդ տարիքին եթէ կարելի չեղաւ իր ճիշդ
կաղապարին մէջ դնել անձը՝ մեծցնելով անոր խելքը, հետագային բնա՛ւ կարելի պիտի չըլլայ այդ աշխատանքը կատարել:
Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Երկաթը տաք-տաք կը ծեծեն»: Ճիշդ այդ տարիքին պէտք է զսպանակել նաեւ ամբարտաւանութիւնը, որ շատ հաստ «շղթաներ»ու կարիք ունի: Բարոյական դաստիարակութեան կապանքները բնաւ պէտք չէ՛ թուլնան այս երեւոյթին շուրջ, եւ
միշտ շղթայուած պահեն զայն:
Այս երեւոյթին խնկարկող մարդոց օրինակները ամէն տեղ կարելի է գտնել, իսկ հայկական մեր միջավայրին մէջ, գրեթէ ամէն վայրկեան մեր դիմաց են անոնք: Յանկարծ երբ բախտի գեղեցիկ մէկ կատակով մէկը բարձր պաշտօնի կոչուի, ի՛նչ ալ ըլլան իր կատարած
սխալները, բնա՛ւ անոնց մասին խօսելու արտօնութիւն չի՛ տրուիր եւ ո՛չ ոքի: Ասիկա կրնայ սկսիլ մինչեւ իսկ տունէն: Փոքր խելք ունեցող ամբարտաւանը կրնայ հայր կամ մայր դառնալ, եւ երբեք չընդունիլ իր զաւակներուն կողմէ եղած դիտողութիւնը, երբ սխալի մէջ է ինք:
Ամբարտաւանութիւնը թոյլ չի՛ տար որ խելքը մեծցնէ, եւ ընդունի նոյնիսկ իր ծնած զաւակներուն կողմէ մատնանշուած իր սխալները: Այս պատճառով յաճախ անոնց զաւակները կը խռովին ու կը հեռանան իրենց տուներէն, տեսնելով որ անսխալական հօր կամ մօր հետ է
իրենց գործը, որ բնա՛ւ պատրաստ չէ՛ սխալին՝ սխալ, ճիշդին՝ ճիշդ ըսելու: Ինչքա՜ն դժբախտ պէտք է եղած ըլլան այն զաւակները, որոնք ամբարտաւան ծնողներէ սերած են, ու տարբեր միջավայրի մէջ կրթուելով, տեսած իրենց ծնողներուն ամբարտաւան տգիտութիւնը:
Այստեղ բնա՛ւ խօսք չկայ համեստ եւ ուսումնական խեղճ պայմաններէ անցած ծնողներու, այլ՝ անոնց, որոնք նոյնիսկ բարձրագոյն ուսում ստացած ու կեղծ հռչակ ունեցած ըլլալով հանդերձ, իրենց ամբարտաւան նկարագրին բերումով չեն կրցած իրենց խելքը մեծցնել:
Ամէնէն տխուր դաստիարակութիւնը, ցարդ ծանօթ մանկավարժութեան, վերոյիշեալ՝ խելքը մեծցնել չկարողացած ծնողներուն տուած դաստիարակութիւնն է, որոնք իրենց զաւակներուն դիմաց կը ծաղրեն շրջապատին մէջ գտնուող մարդոց թերութիւնները, կը ծիծաղին
մէկուն ֆիզիքական, ուրիշին հոգեկան հիւանդութեան վրայ, առանց անդրադառնալու, որ ամէնէն աւելի ծիծաղի արժանի անձերը իրենք են, իրենց խելքը մեծցնելու անկարողութեամբ: Եւ աւելի՛ ծիծաղելի անոր համար որ իրենց զաւակներն ալ նոյն հիւանդութեամբ՝ խելքը
մեծցնելու անկարողութեամբ կը վարակեն…:
Տարօրինակ երեւոյթ է, որ ամէնէն զարգացած ծնողներու կեանքին մէջ ալ տեսնուած է այս տխուր պատկերը, երբ թէ՛ հայր եւ թէ մայր կրթուած, համալսարանաւարտ, եւ նոյնիսկ մտաւորականի համբաւ կը վայելեն: Պէտք չէ՞ ողբալ այն ազգին, որ խելքը մեծցնել
չկարողացած մտաւորականներ կ՛ունենայ…: Դարձեալ կը յիշեմ ծերութեան մէջ իր կեանքը կնքած կնոջ խրատը.
_ Ամէն փողկապ կապած մարդու պէտք չէ՛ որ յարգանք ու պատիւ ընծայես:
Զարգացած մտաւորականն ալ կրնայ փողկապ կապած ըլլալ, սակայն շա՜տ փոքր խելք ունենալ իր մե՜ծ կարծուած ուղեղին մէջ:
Ի՞նչ կարելի է ընել, երբ չէ՛ կրցած իր խելքը ատենին մեծցնել, ամբարտաւանութենէ հեռանալով, ու իր սխալները ընդունելով:
Աւելի պարզ ու յստակ խրատ չկայ անոր, քան այս խօսքը.
_Խելքդ մեծցո՛ւր: