
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Թուրքիոյ մէջ բնակող մեծ թիւով ծպտեալ հայերուն մասին վերջերս սկսած են խօսելու նաեւ թուրքերը։ Նշանաւոր «Միլլի» պարբերականի թղթակից Մեհմետ Շեւքեթ Էյգին թրքական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այս հարցին: Այս մասին գրած է թրքական Gercekgundem.com կայքէջը:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ ալաուիներուն եւ վերջին շրջանին անոնց շուրջ աշխուժացած քննարկումներուն մասին՝ Էյգին նշած է, որ ժամանակակից Թուրքիոյ ալաուիները կարելի է բաժնել երկու խումբի: «Թուրքիոյ մէջ որոշ խումբի պատկանող անձեր, ալաուի չըլլալով հանդերձ ալաուի կը թուին», նշած է թղթակիցը՝ պատմելով Թուրքիոյ մէջ բնակող 500 հազար ծպտեալ հայերուն մասին: Ան նշած է, որ 1915-1918 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է մեծ աղէտ մը, որ շատ տխուր եւ ցաւալի փաստ է: «Այդ տարիներուն մեծ թիւով հայ կիներ իրենց կեանքը փրկելու նպատակով, մեծ ճնշումներու ենթարկուելով՝ իսլամութիւնը ընդունեցին», յայտնած է Էյգին: